– Պարսելոնա Յաղթական Դռնփակ Մրցումին Ընթացքին
– Պայէրն Միւնիխի Կաղացումը Կը Շարունակուի
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Անգլիոյ մրցումներուն գծով Մանչեսթըր քաղաքի երկու խումբերուն յաղթարշաւը շարունակուեցաւ:
Եունայթըտ 4-0 արդիւնքով տապալեց Քրիսթալ Փալասը, մինչ Սիթի 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լոնտոնէն, ուր 1-0 արդիւնքով յաղթեց Չելսիի:
Այժմ անոնք ունին 19-ական կէտ:
Լիվըրփուլ, որ Նիւքասըլի հիւրն էր, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Իտալիոյ մէջ, Աթալանթա կասեցուց Եուվենթուսը` անոր հետ արձանագրելով 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Սակայն Նափոլի արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 21 կէտը եւ 3-0 արդիւնքով յաղթելով Քալիարիի:
Ա. Սէ. Միլան իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայէն, մինչ Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ինթեր, 2-1 արդիւնքով յաղթեց Պենեւենթոյի:
Իր կարգին, Պարսելոնա արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լաս Փալմասը: Լիոնել Մեսսի նշանակեց 2 կոլ:
Այս մրցումը եղաւ առանց համակիրներու` նկատի ունենալով, որ «Լա Լիկա»-ի պատասխանատուներուն որոշումով անիկա տեղի ունեցաւ դռնփակ:
Իսքոյի նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ, Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Էսփանիոլի:
Գերմանիոյ մէջ, մինչ Պորուսիա Տորթմունտ շարունակեց իր յաղթական ելոյթներու շարքը, անդին Պայէրն Միւնիխի կաղացումը շարունակուեցաւ եւ Հերթա Պերլինի դէմ տեղի ունեցած մրցումին անիկա 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք մրցումը աւարտեց 2-2 հաւասարութեամբ:
Վերջապէս, Ֆրանսայի մէջ, առաջին դիրքը գրաւող Փարիզ Սեն Ժերմեն 6-2 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պորտոն: Նէյմար նշանակեց Սեն Ժերմենի կոլերէն երկուքը (մէկը` փենալթիով):



