Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ ակումբի Ֆրանսայի յետսապահ Ռաֆայէլ Վարան 5 տարի եւս մաս պիտի կազմէ խումբին` նկատի ունենալով, որ ան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2022:
Ան 2011-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալի, որուն հետ կատարած է 196 մրցում եւ նշանակած 10 կոլ: