– Խիամի. «ՀՄԸՄ Իր Պատմական Դերը Ունի Լիբանանեան Մարզաշխարհին Մէջ»
– Քախիա. «Յաջողութիւն Կը Մաղթենք ՀՄԸՄ-ի Տղոց Եւ Աղջկանց Խումբերուն»
– Խաչատուրեան. «Մրցաշարքը Պիտի Հիւրընկալենք Եւ Պիտի Փորձենք Տիրանալ Տիտղոսին»
Երէկ կէսօրին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցան անունները այն խումբերուն, որոնք պիտի մասնակցին Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան, զոր կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Փիեռ Քախիա, ֆետերասիոնի անդամ Ժորժ Սապունճեան, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Դրօ Մանտալեան, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբին ատենապետ Թալին Խաչատուրեան, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի մարզիչն ու թեքնիք պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Իսմայիլ Քըրքաուիի խորհրդական, մարզական լրագրող Իպրահիմ Ուըհպի` Քըրքաուի յատուկ պատգամը փոխանցելով, յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին:
Ապա Թալին Խաչատուրեան ըսաւ, որ մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որպէսզի լաւապէս հիւրընկալենք այս մրցաշարքը եւ պիտի փորձենք ամէն գծով տիրանալ տիտղոսին:
Ապա ան թուեց անունները մասնակցող խումբերուն` Օլիմփի (Եգիպտոս), Ֆահիս (Յորդանան), Շըրթաթ Մըրուր, Սաֆա Քասի (Թունուզ), Հըսէյն Տայ (Ալճերիա) եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս:
Խօսք առաւ նաեւ Զէյտ Խիամի, որ ըսաւ, թէ` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ իր պատմական դերը ունի լիբանանեան մարզաշխարհին մէջ, պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնել ֆութպոլի խումբը բարձրացնելու համար Ա. դասակարգ: Ան յոյս յայտնեց, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները այս մրցաշարքին բարձր կը պահեն Լիբանանի անունը:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Փիեռ Քախիա, որ յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմին, որոնք կը մասնակցին Արաբական ակումբներու ախոյեանութիւններուն:




