Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղափարական Հարցեր. ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր Ժողովէն 110 Տարի Անց

September 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

1907 թուականին էր, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը գումարեց իր 4-րդ Ընդհանուր ժողովը, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ: Ժողովասրահը ապահովեց Աւստրիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:

Կրնանք ըսել, որ ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովը ՀՅԴ-ի երկրորդ կարեւոր Ընդհանուր ժողովն էր Ա. Ընդհանուր ժողովէն ետք, որովհետեւ կուսակցութիւնը 4-րդ Ընդհանուր ժողովի ժառանգութիւնը մինչեւ օրս կը կրէ իր գաղափարախօսական, տեսաբանական եւ քաղաքական աշխարհահայեացքին մէջ:

Ժողովը պաշտօնապէս վաւերացուց «ընկերվարութիւն» բառին ներառումը ՀՅԴ-ի վերամշակուած ծրագիրին մէջ: Այդ ներառումը կատարուեցաւ, որովհետեւ հայ կեանքին մէջ արդիւնաբերական արտադրութեան բնագաւառին մէջ աճած էր հայ բանուորներուն թիւը, ատոր կողքին, աճած էին նաեւ այդ բանուորութեան կրած տանջանքն ու զրկանքը`  դրամատիրական անարդար քաղաքականութիւններուն պատճառով: 1907-ին վերամշակուած ՀՅԴ Ծրագիրին «Ընդհանուր տեսութիւն» բաժինը լուրջ ձեւով կը վերլուծէ մարդկային, հասարակական եւ տնտեսական կեանքը ընդհանրապէս եւ յատկապէս այդ ժամանակաշրջանին հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները` հետեւեալ տողերուն ընդմէջէն. «Տեխնիկայի հսկայական կատարելագործումները, ըստ երեւոյթին, պիտի թեթեւացնէին աշխատաւոր մարդու բեռը եւ նուազ աշխատանքի հետ համեմատաբար աւելի մեծ բաժին յատկացնէին նրան, բայց նրանք հակառակ հետեւանքներ առաջացրին` շնորհիւ մասնաւոր տնտեսութեան սիստեմին: Աշխատանքի մի խոշոր մասը մնում է անվճար, աշխատաւորը ստանում է բաշխման մոմենտում իր արտադրած արժէքների չնչին մասը միայն: Մեքենաների ներմուծման հետ հետզհետէ նուազեց աշխատաւոր ձեռքերի պահանջը, որոնք վաճառքի նիւթ են` դարձած, իբրեւ շուկայի ապրանք: Աշխատաւոր գործօն մասնակցութեան բաժինը արդիւնագործութեան մէջ միշտ աւելի եւ աւելի կրճատուեց:»

Վերամշակուած ծրագիրի «Ընդհանուր տեսութեան մէջ կը շարունակուին հասարակական կեանքի վերլուծումները, որոնցմէ որոշ կէտեր այժմէական կը նկատուին նոյնիսկ ներկայ դարու ծանր պայմաններուն մէջ, ինչպէս` «Կեդրոնացնելով արդիւնագործութիւնը, սեփականազուրկ դարձնելով մանր արդիւնագործողներին` կապիտալիզմը քայքայման մատնեց աշխատաւորների ընտանիքները, գործարան քաշեց կանանց ու նոյնիսկ երեխաներին, մի հանգամանք, որ չէր կարող չնպաստել աշխատավարձի նուազման: Չնայած անսանձ շահագործումներին ու հարստահարութիւններին` նոյն աշխատաւոր հանրութեան վզին են ընկած իրենց աւերիչ ծանրութեամբ` հարկերը, մաքսերը, մենավաճառումները, աքցիզները եւ յարաճուն միլիտարիզմի պատուհասը, որի էական նպատակն է ամուր կռել աշխատաւոր ժողովուրդների ստրկութեան շղթաները»: Ապա ծրագիրը կը հրամցնէ ընկերվարութիւնը` իբրեւ այլընտրանք դրամատիրական անարդար եւ ստրկական համակարգին .«Սոցիալիզմի վարդապետութեամբ առաջնորդուելով` աշխատաւոր դասակարգերը ձգտում են վերացնել կապիտալիստական մասնաւոր սեփականութիւնը եւ նրա հետ կապուած անարխիական արդիւնագործութեան սիստեմը, հասարակական ընդհանուր սեփականութիւնը դարձնել աշխատանքի, արդիւնագործութեան միջոցները` հողը, հանքերը, գործարանները, հաղորդակցութեան ու փոխանակութեան միջոցները եւ բովանդակ տնտեսութիւնը կազմակերպել ու ղեկավարել հաւաքականօրէն»:

Ծրագիրին «Ընդհանուր տեսութիւն»-ը նաեւ յստակացուց ՀՅԴ-ի միջազգային յարաբերութիւնները, որոնց էութիւնը մինչեւ օրս կը գործէ: Ծրագիրը շեշտեց ընկերվարութեան միջազգայնականութեան եւ ՀՅԴ-ի` միջազգային աշխատաւորական եւ ընկերվարական մեծ ընտանիքին անբաժանելի մէկ մասը ըլլալուն վրայ, որուն շնորհիւ` Ընդհանուր ժողովէն տարի մը ետք ՀՅԴ-ն Ընկերվարական Բ. միջազգայնականին եւ հետագային վերջինիս յաջորդած միջազգայնականներուն (Աշխատաւորական եւ Ընկերվարական միջազգայնական ու ներկայիս` Ընկերվար միջազգայնական) եւ եւրոպական ցամաքամասի կազմակերպութիւններուն (Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութիւն) անդամ դարձաւ: Այս շրջադարձը վերամշակուած ծրագիրին մէջ արտայայտուեցաւ հետեւեալ տողերով. «Սոցիալիստական շարժումը իր էութեամբ միջազգային է: Բոլոր երկրների աշխատաւոր տարրերը` իբրեւ միեւնոյն սիստեմի զոհեր, պիտի միանան եւ արդէն միանում են համաշխարհային մի հզօր եղբայրակցութեան մէջ. ու գիտակ իրենց բարձր առաքելութեան, վստահ իրենց յաղթանակի վրայ` դիմում են կազմակերպուած կռուի ճանապարհով դէպի նոր, սոցիալիստական կարգերը»:

Այդ ժամանակաշրջանին ՀՅԴ-ի որդեգրած ընկերվարական ուղեգիծը ծանօթ էր «Վերատեսական» անունով, որ առաջին անգամ որդեգրուած էր Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ, որ մէկդի դնելով բանուորական յեղափոխութեան արիւնալի ճամբան` դիմեց խաղաղ միջոցներով պայքարին: Ընկերային իրաւունքներու ձեռքբերման համար պայքարը այս անգամ տեղի պիտի ունենար օրինական միջոցներով: «Վերատեսականութեան» հիմքերը կը գտնուէին Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան Էրֆուրտի ծրագիրին մէջ (1891)` Էտուարտ Պեռնշթայնի, Օկիւսթ Պեպելի եւ Քարլ Քաուցկիի հեղինակութեամբ:

Միայն ընկերվարութիւնը չէր անշուշտ ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները հետաքրքրող կէտը, այլ նաեւ կային ազգային, յեղափոխական եւ ժողովրդավարութեան վերաբերող կէտերը, որոնց առնչուած եզրերը եւ հասկացողութիւնները արդիականացման ենթարկուեցան` համապատասխանելով ժամանակի փոփոխութիւններուն: Սկսելով ազգային հարցէն` ՀՅԴ-ն գաղափարական գետնի վրայ իր ազդեցութիւնը կրեց Աւստրիոյ ընկերվար-ժողովրդավարութեան մարքսականութենէն, որ կը հաւատար, թէ պետութիւններուն մէջ իւրաքանչիւր ազգային խումբ իրաւունք ունի իր ինքնավարութիւնը ունենալու այն շրջաններուն մէջ, ուր անիկա կը կազմէ մեծամասնութիւն, եւ հոն աւելի դիւրութեամբ կը մղուի դասակարգային պայքարը, եւ կը կերտուի ընկերվարութիւնը: Ահա այս հարցին շուրջ հատուած մը` ՀՅԴ-ի 1907-ին վերամշակուած Ծրագիրի «Ընդհանուր տեսութիւն» բաժինէն. «Դասակարգային կռիւը բարդանում է մասնաւորապէս այն երկրներում, ուր գերիշխող ազգութեան ներկայացուցիչները, իրենց ձեռքն առնելով պետական եւ հասարակական բոլոր հաստատութիւնները, ճնշում են թոյլ ազգերին եւ առհասարակ փոքրամասնութիւն կազմող միութիւններին: Զրկուելով պետական ու հասարակական կեանքին աշխուժ մասնակցելու հնարաւորութիւնից, տուժելով ե՛ւ նիւթապէս, ե՛ւ կուլտուրապէս, այդ թոյլ միութիւնները յետ են մնում առաջադիմութեան ճանապարհի վրայ, եւ այդպիսով դանդաղում է համամարդկային կուլտուրայի հետ աշխատանքի սոցիալական ազատագրութիւնը, քանի որ այդպիսով խոչընդոտ է դրւում մի կողմից դասակարգային հակամարտութեան զարգացմանը ճնշուած ազգութիւնների միջեւ,միւս կողմից` ճնշող ու ճնշուող ազգերին պատկանող աշխատաւոր դասակարգերի համերաշխութիւնը: Փոքրիկ, նուաճուած ազգերի մէջ աշխատաւոր տարրերը, կռուելով հանդերձ իրենց ցեղակից բուրժուազիայի դէմ, միեւնոյն ժամանակ նախանձախնդիր են իրենց ուրոյն ազգային կուլտուրային, որը ստեղծել է ժողովրդական առանձնայատուկ հոգեբանութիւն: Ազգային ճնշումների դէմ մղուող կռիւը աւելի յամառ ու յաղթանակող է դառնում շնորհիւ այն հանգամանքի, որ այժմ այդ կուլտուրայի ներկայացուցիչները միայն ազգի «վերին» խաւերը չեն. ազգային կուլտուրան թափանցում է ժողովրդական լայն մասսաների մէջ ու դառնում սեփականութիւնը ու առաջադիմութեան միջոցը: Ժողովրդական մասսաները իրենց իներտ դրութիւնից գիտակից կեանքի ասպարէզ նետուելով, երեւան են հանում թաքնուած ուժեր` կուլտուրական-հասարակական աշխարհում»:

Ժողովրդավարութեան վեհ իտէալին սիրոյն` Ընդհանուր ժողովը գնահատեց Կովկասեան նախագիծը, վաւերացուց պարսկական սահմանադրական յեղափոխութեան մասնակցութեան բանաձեւը եւ կապեր հաստատեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող ազատամիտ խմբակներուն հետ, որոնք հետագային ճամբայ բացին երիտթրքական յեղափոխութեան առջեւ: ՀՅԴ-ի շնորհիւ` ասիական ցամաքամասին մէջ Պարսկաստանը դարձաւ առաջին խորհրդարան ունեցող պետութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ թէպէտ կարճ ժամանակաշրջանի մը համար հաստատուեցաւ սահմանադրութիւն, որուն մէջ յարգուեցան փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները: Ժողովրդավարութեան իրականացման նպատակով ՀՅԴ-ն յեղափոխական դաշտ իջաւ աշխարհի ամէնէն անմարդկային երեք տիրապետութիւններուն դէմ (ցարական, սուլթանական եւ շահական) եւ համագործակցութեան կապեր ստեղծեց մակեդոնական ազգային-ազատագրական շարժման հետ:

Սակայն ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական արժէքները ՀՅԴ-ին համար սկիզբէն ժառանգուած աւանդոյթներ են: Ան իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս կրած է, կը կրէ ու պիտի կրէ այդ սուրբ արժէքները, որոնց գործադրումը միշտ ալ կ՛ենթարկուի վերատեսութեան` համապատասխանելով ժամանակի զարգացումներուն եւ միջավայրի փոփոխութիւններուն: 4-րդ ընդհանուր ժողովին յաջորդած ընդհանուր ժողովներու իրադարձութիւնները, ինչպէս 1919-ի «Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի»-ի, 1972-ի «Յեղափոխական արմատներու վերադարձ»-ի յայտարարութիւնները, 1978-ի ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէր «նոր ձախ»-ի աշխարհահայեացքը եւ` 1998-ի ծրագիրը, որ կը բովանդակէ ժամանակակից ընկերվար-ժողովրդավարութեան աշխարհահայեացքը, բոլորն ալ կը փաստեն Դաշնակցութեան քննական, վերատեսութեան եւ արդիականացման քայլարշաւը, որուն առջեւ կը խորտակուին բոլոր մարտահրաւէրները, եւ կը ծագի յառաջդիմութեանն ու բարգաւաճման արեւը:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համազգային Մեր Ուխտը

Յաջորդը

«Ամերիքանա»-ի Ղեկավարները Եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Տեսակցեցան` Վիճելի Յարաբերութիւններու Բարելաւման Համար

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.