Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պաղեստինցի մը երէկ առաւօտեան զինեալ յարձակում մը գործելով Երուսաղէմի մօտ գտնուող Հար Ատար բնակեցման վայրին մէջ երեք իսրայէլացիներ սպաննած է: Անոնք նշեցին, որ սպաննուած են ապահովական մարմիններու երկու անդամներ եւ «սահմանապահ ուժերէն» զինուոր մը, ինչպէս նաեւ ուրիշ մը վտանգաւոր վէրքեր ստացած է:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ գործողութեան հեղինակն է 37 տարեկան պաղեստինցի երիտասարդ մը` Նըմըր Ժամալ, որ Պէյթ Սուրք գիւղի բնակիչ է: Ան սպաննուած է: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հրամայեց քանդել անոր բնակարանը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ան բնակեցման վայր մուտք գործած է պաղեստինցի աշխատաւորներու հետ` նշելով, որ ասիկա առաջին անգամն է, որ այդ շրջանին մէջ այս տարողութեամբ գործողութիւն մը տեղի կ՛ունենայ:
Պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումները ողջունեցին գործողութիւնը:



