Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրանդ Մարգարեան. «ՀՅԴ-ի Օրակարգին Վրայ Ընկերային Արդարութիւնն Է»

September 18, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 եւ 17 սեպտեմբերին Աղուերանի մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստանի տնտեսութեան ներկայ վիճակի ախտորոշումը, առկայ մարտահրաւէրները եւ զարգացման հայեցակարգային տեսլականը» նիւթով երկօրեայ խորհրդաժողովը` կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ մասնակցութեամբ ՀՅԴ ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներու, կառավարութեան անդամներու, գիտնականներու եւ փորձագէտներու:

Խորհրդաժողովին ընթացքին մշակուած են երկրի տնտեսական զարգացման ՀՅԴ հայեցակարգային ուղենիշները, որոնք կուսակցութեան կողմէ պիտի օգտագործուին յառաջիկայ 4-5 տարիներուն:

«Կառավարման եւ տնտեսական ճգնաժամի հիմքերը Հայաստանի մէջ», «Ընկերային արդարութեան հաստատման հանրային պահանջը: Աղքատութեան ընկերային-հոգեբանական հիմքերը», «Ընկերային առումով խոցելի խումբերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղիները. աղքատութեան յաղթահարումը եւ տարածքային համաչափ զարգացման խնդիրները» եւ այլ նիւթեր եղած են խորհրդաժողովի քննարկման առարկայ:

Զեկուցումներով հանդէս եկած են կառավարման փորձագէտ Յարութիւն Մեսրոպեան, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Աղասի Թադեւոսեան, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարի տեղակալ Վարազդատ Կարապետեան, ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի ղեկավար Արտակ Սարգսեան եւ այլն:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտած է. «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործակցութենէն պէտք է շահի երկիրը: Հասարակութիւնը պէտք է իմանայ ՀՅԴ-ի աշխատանքին մասին` իբրեւ համաձայնական գործընկեր: Սակայն ՀՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն կը տարբերին իրարմէ: ՀՅԴ-ի օրակարգին վրայ ընկերային արդարութիւնն է: Մենք պէտք է պահենք մեր դիմագիծը, չսպառենք այն բարոյական դրամագլուխը, որ կայ: Այս խորհրդաժողովը պիտի օգնէ, որ ծնի ՀՅԴ-ի տնտեսական ամբողջական հայեցակարգը, որուն առանցքը պիտի ըլլայ ընկերային արդարութիւնը», հաստատած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Ըստ Հրանդ Մարգարեանի,  աւելի  գործնական արդիւնք կ՛ակնկալուի, որպէսզի ծնունդ առնեն նոր ծրագիրներ, որոնցմով ալ պիտի առաջնորդուի կուսակցութիւնը:

Ելոյթ ունեցած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: «Դաշնակցութիւնը, ըլլալով ընկերվար-ժողովրդավարական արժէքներով առաջնորդուող կուսակցութիւն, նախ եւ առաջ պէտք է այդ գաղափարախօսութեան տեսանկիւնէ յստակացնէ իր պատկերացումը ընկերային-շուկայական տնտեսութեան վերաբերեալ: Ըստ այդմ, անհրաժեշտ է առաջարկել այնպիսի պետական քաղաքականութեան հայեցակարգ, որ առաւելագոյնս պիտի ապահովէ ընդհանուր տնտեսական բարեկեցութիւնը, ընկերային արդարութիւնը», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Էդուարդ Նալբանդեան Ընդունեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն Ու Կարօ Փայլանը

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Թիւրքմենիստան Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.