Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուա Եւ Ռիատ Կ՛աջակցին Ընդդիմադիր Խմբաւորումներու Միացման» Կ՛ըսէ Լաւրով

September 11, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ այցելեց Ժետտա, ուր հանդիպում ունեցաւ իր սէուտցի պաշտօնակից Ատել Ժուպէյրի հետ:

Լաւրով հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Մոսկուա կ՛աջակցի սուրիական ընդդիմութիւնը մէկ պատուիրակութեան մէջ միաւորելու Սէուտական Արաբիոյ ջանքերուն, որոնք կը նպաստեն Ժընեւի բանակցութիւններու յառաջ մղումին:

Լաւրով նաեւ նշեց, որ Մոսկուա եւ Ռիատ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծումը կը նկատեն «դէպի յառաջ քայլ մը, որ կը նպաստէ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման համակարգի ամրապնդման եւ մարդասիրական հարցերու լուծման»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը վերահաստատեց իր երկրին այն կեցուածքը, թէ միայն սուրիացիները կը ճշդեն իրենց պետութեան ճակատագիրը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնեց, որ Ասթանայի մէջ հինգշաբթի եւ ուրբաթ օր նախատեսուած նոր հանդիպումին ընթացքին կարելի ըլլայ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման չորրորդ գօտի մը Իտլիպի մէջ ստեղծել:

Անդրադառնալով քաթարեան տագնապին` Լաւրով նշեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը բազմաթիւ հարցերու լուծում արտօնող մեքանիզմ մըն է, որ պէտք է պահպանել` շեշտելով, որ ինք կ՛աջակցի քաթարեան տագնապի լուծման համար Քուէյթի իշխանի ջանքերուն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց, որ երկու երկիրները «գործակցութեան նոր հորիզոնները կը քննարկեն»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր իր կարգին յայտարարեց, թէ «կը զօրակցինք Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման եւ կը սպասենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթի սկիզբին»` շեշտելով. «Սէուտական Արաբիան ու Ռուսիան միացեալ Սուրիոյ կը զօրակցին»:

Ան նշեց, որ շրջանային տարբեր հարցերու վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ տեսակէտները գրեթէ համահունչ են: «Մենք կ՛ողջունենք Եմէնի տագնապին վերաբերեալ Ռուսիոյ կեցուածքը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երկու երկիրները նախանձախնդիր են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին նկատմամբ:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իրաքեան կառավարութեան պայքարին:

Ինչ կը վերաբերի քաթարեան տագնապին, Ժուպէյր ըսաւ. «Քաթարեան տագնապին վերաբերեալ Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը յստակ է, իսկ Քաթար լաւ գիտէ իրմէ պահանջուածը, եւ քաթարեան կեցուածքին մէջ յստակութիւն ու  տագնապի լուծման լուրջ փափաք կ՛ուզենք տեսնել»:

Յիշենք, որ Մոսկուա նախապէս յայտարարած էր, թէ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ռուսիա:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Քրտական Ուժերը Կը Յառաջանան Դէպի Տէր Զօր Քաղաք. Սուրիական Բանակի Եւ Անոր Դաշնակիցներու Յառաջամարտիկները Կը Հասնին Տէր Զօր

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.