Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ

October 29, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 հոկտեմբեր 2011-ին, Պելճիքայի Սուրբ Մարի – Մատլեն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայկ Արսլանեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` ներկայութեամբ պետական եւ ազգային ներկայացուցիչներու, ընտանեկան պարագաներու եւ հոծ բազմութեան:

Հայ առաքելական եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու` Հայր Զատիկ Աւետիքեանի եւ վեր. Ռընէ Լեւոնեանի կողմէ կատարուեցաւ եկեղեցական միացեալ արարողութիւն:

Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Պելճիքայի հայ համայնքի նախագահ Միշել Մամուրեան, որ նշեց, թէ Հայկ Արսլանեան եղաւ այն խիզախ հայորդին, որ Հայաստանի անկախութենէն առաջ եւ ետք միշտ բարձր պահեց Հայաստանի դրօշը: Ան շեշտեց, որ այս եկեղեցւոյ գոյութիւնը եւս կը պարտինք Հայկ  Արսլանեանին:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Արսլանեան ընտանիքին ուղղուած ցաւակցագիրը կարդաց Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնց:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Սելլա Թնճուկեան եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին կողմէ խոր վշտակցութիւններ փոխանցեց ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր ներկաներուն:

Վերջապէս, Հայկ Արսլանեանի թոռը` Հայկ Արսլանեան, խօսք առնելով իր հպարտութիւնը յայտնեց, որ կը կրէ իր մեծ հօր անունը եւ խոստացաւ անոր յիշատակը միշտ թարմ պահել եւ հաւատարիմ մնալ անոր հայրենասիրական եւ բարեգործական ուղիին:

Թաղման եկեղեցական արարողութենէն ետք հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Անվերսի գերեզմանատան մէջ: Զաւակներուն փափաքով յառաջիկային աճիւնները պիտի փոխադրուին Հայաստան` գտնելու համար իրենց յաւերժական հանգիստը Հայկ Արսլանեանի այնքան սիրած հայրենիքին մէջ:

Նախորդը

ԱՐԻՆ ՉԵՐՉԵԱՆԻՆ ԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ ՄԵԿՆՈՒՄԻՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ…

Յաջորդը

ՔԱՀԼ-Ի ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.