Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը 1,5 Միլիոն Տոլար Պիտի Յատկացնէ Արցախի Ականազերծման Աշխատանքներուն

September 9, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 7 սեպտեմբերին որդեգրած է քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաոյի կողմէ ներկայացուած առաջարկը, որ կը նախատեսէ Միացեալ Նահանգներու 2018-ի պիւտճէական տարուան մէջ աջակցիլ Արցախի մէջ ականազերծումով զբաղող «Հելօ Թրասթ» ոչ կառավարական կազմակերպութեան: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Վալատաոյի առաջարկը ներառուած է 2018-ի պիւտճէական տարուան արտաքին օժանդակութեան յատկացման ծրագիրին մէջ, որ, իբրեւ աւելի մեծ` թիւ 3354 բանաձեւի մաս քուէարկութեան պիտի դրուէր 8 սեպտեմբերին:

«Ցաւալի իրողութիւն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ընտանիքները ամէն օր կ՛ապրին ականներու պայթումի վտանգին տակ: Ես լաւատես եմ, որ իմ առաջարկովս նախատեսուող նիւթական յատկացման պարագային մինչեւ 2020 թուական շրջանը ականազերծուի, եւ ընտանիքները կարենան հանգիստ ապրիլ` առանց ականներու հետ կապուած դժբախտ պատահարներու վտանգի», առաջարկի որդեգրումէն ետք ըսած է վալատաօ:

Առաջարկին որդեգրման աջակցած են նաեւ քոնկրեսականներ Էտ Ռոյս, Էտըմ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփայըր: «Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ ականազերծման աշխատանքներուն Միացեալ Նահանգներու կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը մեծապէս օգնած է «Հելօ Թրասթ»-ին 2000 թուականէն մաքրելու տարածքը ականներէն ու այլ պայթուցիկ սարքերէն: Այս աջակցութիւնը պիտի օգնէ «Հելօ Թրասթ»-ին իրենց վերջնաժամկէտին` 2020 թուականին աւարտելու այս կարեւոր աշխատանքը», նշած է Փալոն:

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու Յանձնախումբը Ընդունած Է
Էրտողանի Թիկնապահներուն Զէնքի Վաճառքը Արգիլող Օրինագիծը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբը որդեգրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն զէնքի վաճառքը արգիլող օրինագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մէջ արդէն կայացած է մեղադրեալներէն երկուքին առաջին դատական նիստը, որուն ընթացքին մեղադրեալներ Սինան Նարինն ու Էյուպ Եըլտըրըմը դատարանի դահլիճ բերուած են բանտային համազգեստով, շղթայուած ոտքերով եւ ձեռնաշղթաներով:

Դատական նիստի ընթացքին որոշուած է շարունակել զանոնք կալանքի տակ պահել: Դատական յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 10 հոկտեմբերին:

Նախորդը

Շրջանի Հոգեւոր Առաջնորդներ Հանդէս Եկան Միացեալ Յայտարարութեամբ

Յաջորդը

Լիբանանի Տարածքին Գործող Հայկական Հաստատութիւնները Մնացին Փակ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.