Վաղը ազգային սուգի օր է Լիբանանի մէջ: Պետական եւ ժողովրդային մեծ շուքով հրաժեշտը պիտի կատարուի լիբանանցի բանակայիններու, որոնք անձնուիրաբար ինկան ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի ճակատին վրայ:
Այս առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ մեր հայրենակիցներուն, որ վաղը` ուրբաթ փակ պահեն իրենց սեփական եւ հանրային հաստատութիւններն ու վաճառատուները, առ ի յարգանք Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան համար զոհուած բանակայիններու յիշատակին:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ



