Այսօր` հինգշաբթի, 7 սեպտեմբերին, կը սկսի Արաբական դպրոցական մարմնամարզութեան Ա. ախոյեանութիւնը` «Ճիմնազիատ-2017» անունին տակ:
Մասնակցող դպրոցականները բաժնուած պիտի ըլլան տարիքային երկու խմբակներու` 12 եւ 14 տարեկանէն վար, տղաք եւ աղջիկներ:
Լիբանանցիներուն կողքին անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ արաբական եւ ծոցի երկիրներ:
Լիբանանցի մասնակցողները վերջին շրջանին բաւական փորձեր կատարեցին` ամէն գնով լաւ արդիւնքներու հասնելու համար:
Նշենք, որ տեղի պիտի ունենան երեք մարզաձեւերու մրցումներ` աթլեթիզմ, մարմնամարզութիւն եւ լողարշաւ:
Լիբանանեան վարժարաններուն կողքին պիտի ըլլայ նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, որ այս ախոյեանութեան կը մասնակցի չորս աշակերտներով: Անոնք են` Շանթ Ահարոնեան (գունդ նետել), Քրիստ Պարսումեան եւ Նարօտ Կիւրիւնլեան (մարմնամարզութիւն) եւ Լէա Պուտաքեան (վազք):
Յաջողութիւն կը մաղթենք չորս հայ աշակերտներուն, այն յոյսով, որ անոնք կը յաջողին բարձր պահել իրենց վարժարանին եւ լիբանանահայութեան անունը:



