Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՆՉՈ՞Ւ ԺԱՄԸ ԿԸ ՓՈԽԵՆՔ ԱՄԷՆ ՁՄԵՌ

October 29, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոկտեմբերի վերջաւորութեան մենք մեր ժամացոյցները մէկ ժամ ետ կը տանինք: Ահա թէ ինչո՛ւ:

– Օրերը նուազ երկար են, աւելի շուտ կը մթննայ

Որովհետեւ երկրագունդը իր առանցքին վրայ հսկած է, հիւսիսային կիսագունդը 21 յունիսէն սկսեալ ամէն օր աւելի քիչ ժամանակ լոյս կը ստանայ: Հոկտեմբերէն սկսեալ, կէսօրէ ետք արդէն կը մթննայ, մարդիկ լոյսերը շատ կանուխ կը վառեն եւ ելեկտրականութիւն աւելի կը սպառեն: Հետեւաբար 1975 թուականին տրուեցաւ ժամերը փոխելու որոշումը` մեր կեանքի կշռոյթը բնական լուսաւորումին  յարմարցնելու եւ յատկապէս ուժանիւթի խնայողութիւններ ընելու համար:

– Ձմեռնային ժամով մենք մէկ ժամ աւելի կը քնանանք

Առաջին գիշերը մենք մէկ ժամ քուն կը շահինք: Սակայն երբեմն մանուկները ժամի այս փոփոխութենէն կը խանգարուին, եւ անոնք քանի մը օրուան պէտք կ՛ունենան այս նոր կշռոյթին վարժուելու համար:

Հանրային վայրերը, ինչպէս նաեւ կայարանները առտուան ժամը երեքը կը սպասեն` բոլորը միասին իրենց ժամերը փոխելու համար, երթեւեկի խանգարում չստեղծելու համար:

– Գիտէի՞ր, թէ…

Արեւադարձային շրջաններու երկիրները ժամ չեն փոխեր, որովհետեւ անոնք կը գտնուին հասարակածին մօտ: Հոն ցերեկը եւ գիշերը միշտ նոյն տեւողութիւնը ունին:

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

  • Գետնառիւծին լեզուն իր մարմնին չափ երկար կրնայ ըլլալ:
  • Մեքսիքօ քաղաքին տակէն կը հոսի 152,8 քմ երկարութեամբ գետ մը:
  • Ամէն տարի մօտաւորապէս 16 միլիոն փոթորիկներ տեղի կ՛ունենան աշխարհի վրայ:
  • Կարգ մը մեղրահաւերու սիրտը կրնայ մէկ վայրկեանին մէջ մինչեւ 1000 անգամ տրոփել:
  • Ներկայի հաշուիչ մեքենաներուն մեծ մասը շատ աւելի հզօր են, քան` աշխարհի առաջին համակարգիչը:
  • Վագրին մարմնին աջ եւ ձախ կողմի գիծերը իրարմէ տարբեր են:
  • Ռուսիա Ալասքայէն միայն 3,2 քմ հեռու կը գտնուի:
  • Շանաձուկերը ոսկոր չունին:
  • Կատուները քաղցր համերը չեն զգար:
  • Կարգ մը մարդամեքենաներ կրնան զանազանել պանիրներու համեր:
  • Երկրագունդին կորիզը մօտաւորապէս Հրատ մոլորակին մեծութիւնը ունի:
  • Ամէն օր տեղի կ՛ունենան հազարաւոր փոքր երկրաշարժեր:
  • Վագր մը կրնայ մէկ անգամով աւելի քան 36 քիլօ միս ուտել:
  • Մարդոց մեծ մասը իր կեանքէն մօտաւորապէս հինգ տարի կ՛անցընէ ուտելով:
  • Գետաձին կրնայ մարդ արարածի մը չափ արագ վազել:

 

ԿՐՆԱ՞Ս ՎԵՐԱԿԱԶՄԵԼ
ՊԱՏԿԵՐԸ

 

Ձախ կողմի պատկերին կտորները լուսապատճէնահանող մեքենայով նկարէ: Ապա զանոնք կտրէ եւ փորձէ պատկերը վերակազմել աջ կողմի տախտակին վրայ: Գործդ դիւրացնելու համար կտորներէն մէկը արդէն զետեղուած է:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐԸ
ՀԱԼՈՈՒԻՆ ԿԸ ՏՕՆԵՆ

Իրլանտայէն եկած կելտական (սելթիք) ժողովուրդէն ժառանգուած հալոուինի տօնը իսկական ազգային տօն մըն է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Անիկա յատկապէս առիթ մըն է մանուկներուն` սարսափազդու կերպարներու տարազներով ծպտուելու համար:

Հալոուինը կը տօնուի 31 հոկտեմբերին: Անիկա հաւանաբար եկած է կելտական հին տօնէ մը: Աւելի քան 2500 տարիներ առաջ, տարուան վերջաւորութեան, որ այդ ժամանակաշրջանին կը տօնուէր մեր հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, կելտերը մեծ խարոյկներ կը վառէին,  որպէսզի եկող տարին բախտաբեր ըլլայ: Անոնք կը յուսային այս ձեւով գէշ ոգիները հեռացնել: Մեծ խրախճանք մը կը պատրաստուէր եւ բոլորը կը մասնակցէին: Հետագային, քրիստոնէական շրջանին, այս տօնակատարութիւնը միացուեցաւ Ամենայն Սրբոցին եւ մեռեալներու տօներուն հետ, որոնք կը տօնուին 1 եւ 2 նոյեմբերին:

 

ՈՒՐԿԷ՞ ԵԿԱԾ Է
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՆՈՒՆԸ

Ամերիկօ Վեսփուչի Ամերիկա գացած է բազմաթիւ անգամներ: Անոր վերադարձին, Վոժերու շրջանէն տպագրիչ մը այս ճամբորդին անունը ընտրած է նշելու այն շրջանները, որոնց գոյութիւնը եւրոպացիները նոր իմացած էին:

1454 թուականին Իտալիա ծնած Ամերիկօ Վեսփուչի մասնակցած է չորս արշաւներու, որոնց նպատակն էր 1492 թուականէն ի վեր Քրիստափոր Քոլոմպոսի կողմէ նոր յայտնաբերուած հողամասերուն ծանօթանալ:

1502 թուականին ան գրած է մոնտուս նովուսը (լատիներէն` նոր աշխարհ): Հինգ տարի ետք, Վոժերու շրջանէն տպագրիչ վանական մը այս քարտիսագրութեան մասնագէտ հետախոյզին անունը ընտրած է անուանելու համար այս «Նոր Աշխարհը», որ այդ թուականէն ի վեր կը կոչուի «Ամերիկա»:

 

ԼԱՏԻՆԵՐԷ՞Ն ԿԸ ԽՕՍԻՆ

ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ

Ո՛չ, սակայն հոն մարդիկ կը խօսին լատիներէնէն սերած լեզուներ` սպաներէն եւ փորթուգալերէն: Ամերիկեան ցամաքամասին մեծ մասը երկու եւրոպական ժողովուրդներ` սպանացիները եւ փորթուգալցիները հետախուզած են 16-րդ դարէն սկսեալ:

Լատին Ամերիկան կ՛ընդգրկէ մեծ մասամբ Հարաւային եւ Կեդրոնական Ամերիկաները (մինչ Կիւյանան եւ Սուրինամը չեն պատկանիր անոր, որովհետեւ անոնք անգլիական եւ հոլանտական գաղութներ եղած են): Ան կ՛ընդգրկէ նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայէն մաս մը (Մեքսիքա): Այս շրջանները ո՛չ միայն հնդիկ հին քաղաքակրթութիւններէն ժառանգուած տարրերու միութիւն մը ունին, ալ անոնք ունին նաեւ հասարակաց գիծեր` լեզուի, մշակոյթի եւ կրօնի:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:


 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել միւսներէն տարբեր կերպարը:

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել համակարգիչին պատկանող թելը:
Ո՞րն է աշխարհի մէջ ամէնէն շատ ծախուած երաժշտական գործիքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

Յաջորդը

«ՊԱՐՈՆ ԿԱՐՊԻՍ»Ը ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Է, ՍԱԿԱՅՆ ՆՐԱ ՄԷՋ ԽՈՐԸ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ԱՍԱՑ ՍՈՒՐԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆԸ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.