Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018-ի Մոնտիալ. Հայաստան Կրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը Եւ Իր Յոյսը Կորսնցուց Ռուսիա Մեկնելու

September 5, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայաստանի նշանակած միակ կոլին հեղինակը

Յառաջիկայ տարի տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալը` Ռուսիոյ մէջ:

Եւրոպայի ցամաքամասին Ե. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ գիշեր Ռուսիա մեկնելու իր յոյսերը վերջնականապէս կորսնցուց, երբ Հանրապետական մարզադաշտին վրայ կրեց 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը իր հիւրէն` Դանիայէն:

Իր դաշտին վրայ իր կատարած վերջին երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած Հայաստան այսպիսով կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, հակառակ անոր որ հայրենի կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը 6-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Ռուսլան Քորեանի կոլին:

Մրցումին 25-րդ վայրկեանին եղաւ մէկ վայրկեանի դադար մը եւ մարզիկները ջուր խմելու առիթ ունեցան: Ասիկա կրկնուեցաւ 69-րդ վայրկեանին եւս:

Հիւր կազմին կոլերը նշանակեցին Թոմաս Տելանէյ (16-րդ, 82-րդ եւ 93-րդ) եւ Քրիսթիան Էրիքսըն (29-րդ):

Հայաստան իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ 5 հոկտեմբերին, երբ Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Լեհաստանը, իսկ այս մրցումէն երեք օր ետք հիւրը կ՛ըլլայ Ղազախստանի եւ այսպիսով իր ելոյթները կ՛աւարտէ այս մրցաշարքին գծով:

Նախքան երէկուան իր այս մրցումը, հայրենի կազմը, որ նախորդ շաբաթավերջին հիւրը եղաւ Ռումանիոյ, նուազագոյն պարտութիւնը կրեց դաշտին տիրոջմէն, որ իր կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն` շնորհիւ, Ալեքսանտրու Մաքսիմի:

Հայաստանի հաւաքականը այս մրցումին սկսաւ կեդրոնի երեք յետսապահով, մինչ բերդը կը պաշտպանէր Գանձասար-Կապանի բերդապահ Գրիգոր Մելիքսեթեան, որ իր երկրորդ մրցումը կը կատարէր ազգային հաւաքականին հետ եւ յաջողեցաւ բաւական լաւ տպաւորութիւն ձգել:

Հայաստան 14-րդ վայրկեանին կրնար բանալ մրցումին հաշիւը` նկատի ունենալով, որ Հենրիխ Մխիթարեանի սքանչելի փոխանցումէն ետք Տիգրան Բարսեղեան, առանձին մնալով բերդապահին հետ, չկրցաւ կոլ նշանակել: Ան 21-րդ վայրկեանին կորսնցուց այլ առիթ մըն ալ:

Ա. կիսախաղին դադարին գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան կատարեց փոփոխութիւն մը. Արտակ Եդիգարեան փոխարինեց Գոռ Մալաքեանը:

54-րդ վայրկեանին Տարօն Ոսկանեան, իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով, կարմիր քարտի մը արժանանալով դուրս եկաւ դաշտէն` նկատի ունենալով, որ քառակուսիին մէջ գնդակը դպաւ անոր ձեռքին:

Բայց եւ այնպէս բերդապահ Մելիքսեթեան յաջողեցաւ զսպել Պոկտան Սթանքուի հարուածած փենալթին:

Սակայն, մարզիկի մը առաւելութիւն ունեցող Ռումանիա իր հակայարձակումները բազմացնելով եւ կոլի շատ մը առիթներ ստեղծելով, ի վերջոյ կոլ մը նշանակեց եւ Հայաստանէն խլեց մրցումին երեք կէտը` պատճառ դառնալով, որ Հայաստան կրէ իր 5-րդ պարտութիւնը, իր արձանագրած 2 յաղթանակներուն կողքին:

Ռումանիոյ դէմ իր կատարած մրցումին Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.

Գրիգոր Մելիքսեթեան, Յովհաննէս Համբարձումեան, Տարօն Ոսկանեան, Վարազդատ Հարոյեան, Գագիկ Դաղբաշեան, Գոռ Մալաքեան (46-րդ` Արտակ Եդիգարեան), Դաւիթ Մանոյեան (58-րդ` Ռուսլան Քորեան), Կամօ Յովհաննիսեան, Հենրիխ Մխիթարեան, Մարքոս Փիցելլի (74-րդ` Սարգիս Ադամեան) եւ Տիգրան Բարսեղեան:

Նախքան այս մրցումը, Ռումանիա, որ արձանագրած էր յաղթանակ մը միայն, արձանագրեց իր երկրորդը, 3 հաւասարութեան եւ 2 պարտութեան կողքին:

Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի աւարտականներուն իրենց տոմսը ապահովեցին Պելճիքա, Մեքսիքա եւ Իրան, որոնք այսպիսով միացան հիւրընկալ Ռուսիոյ, Պրազիլի եւ Ճափոնի:

Այսօր կրնայ անոնց միանալ նաեւ Գերմանիա:

Հոս տեղին է նշել, որ վերջին 56 տարիներուն Հոլանտայի կազմը 4-0 արդիւնքով այսպիսով ծանր պարտութիւն մը կրած չէր, երբ Փարիզի մէջ տեղի տուաւ Ֆրանսայի դիմաց:

Հոլանտա նոյն արդիւնքով 1961-ին պարտուած էր Պելճիքայէն:

Նշենք սակայն, որ Հոլանտա իր երեք կոլերը ստացաւ իր մարզիկներէն մէկուն դաշտէն հեռացումէն ետք (62-րդ):

 

Նախորդը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Շարափովա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Յաջորդը

Կիրակի, 10 Սեպտեմբերին «Էնտիւրընս Քարթինկի» Մրցումը Առաջին Անգամ Ըլլալով Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.