ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը օգոստոս ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 35 դիմումի, մինչ մայիս, յունիս եւ յուլիս ամիսներուն ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 79 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտէն (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 8 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 24 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտին (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուած է 3 նորածին, իւրաքանչիւրը` 2 հազար ամ. տոլար:
Այս ձեւով մայիս, յունիս, յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 114 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ



