Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահը Յանձնարարած Է Նախապատրաստել Համահայկական Խորհուրդի Ա. Նիստի Օրակարգի Նախագիծերը

August 19, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահականի մամլոյ գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` նուիրուած Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովի եւ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նախապատրաստութեան աշխատանքներուն:

Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման վերաբերեալ առկայ հիմնական մօտեցումներուն եւ այդ մարմինի կազմաւորման մեքանիզմներուն վերաբերեալ զեկուցած է Սահմանադրական դատարանի նախագահ, կազմակերպչական յանձնախումբի աշխատանքներու համակարգման պատասխանատուներէն Գագիկ Յարութիւնեան: Նշեալ մօտեցումներն ու մեքանիզմները քննարկման առարկայ պիտի դառնան 18-էն 20 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովի նիստերէն մէկուն ընթացքին:

Հաշուի առնելով համահայկական նոր կառոյցի վերաբերեալ նախորդ տարիներու քննարկումները` հանրապետութեան նախագահը յանձնարարած է նախապատրաստել Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նպատակներու, անդամակցութեան չափանիշներու, 2018-ին  տեղի ունենալիք Ա. նիստի օրակարգի եւ աշխատակարգի նախագիծերը` շահագրգիռ բոլոր կողմերուն, որոնց կարգին` սփիւռքի մէջ գործող կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն հետ համապատասխան քննարկումներէ ետք:

Յիշեցնենք, որ Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու շուրջ նախապատրաստական աշխատանք կատարելու մասին որոշումը միաձայնութեամբ ընդունուած էր սեպտեմբեր 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6-րդ նիստին, ուր հանրապետութեան նախագահը, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ընթացքին ու յառաջիկայ ընելիքներու շուրջ տեղի ունեցած ծաւալուն քննարկումները ամփոփելով, նշած էր, որ նկատելի է հետագայ աշխատանքի համադրման, պարբերական շփումներու մնայուն հարթակ ձեւաւորելու ընդհանուր պահանջ: Նոյն նիստին ձեւաւորուած էր կազմակերպչական յանձնախումբ, որուն յանձնարարուած էր նախաձեռնել խորհրդատուութիւններու լայն, ներառական հոլովոյթ: Աշխատանքներու համակարգման պատասխանատուները նշանակուած էին Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար (նախապէս, «Ա.») Վիգէն Սարգսեան:

Նախորդը

Սուրէն Կարայեան Այցելած Է «Մեղրի» Ազատ Տնտեսական Գօտի

Յաջորդը

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Բ. (Ընդհանուր Դիտարկումներ)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.