Պասքեթպոլի տղոց Հայաստանի հաւաքականը երրորդ յաղթանակը նուաճեց 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Հայաստանի հաւաքականը Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ մրցեցաւ սլովաքներուն հետ եւ 92-78 արդիւնքով (22-21, 11-25, 23-23, 22-23) յաղթեց` 7 կէտով գրաւելով Ա. խմբակի առաջին դիրքը:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Նիքշա Պաւցեւիչ մրցումէն ետք լրագրողներուն ըսաւ.
«Մենք շատ լաւ խաղացինք պաշտպանութեան մէջ, տղաները շատ լաւ տրամադրած էինք խաղին եւ նշած, որ եթէ կ՛ուզենք յաղթել, պէտք է լաւ գործել պաշտպանութեան մէջ: Տղաները անձնուրաց խաղացին:
Պէտք է նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնենք Անդրանիկ Չրաբաշին, որ վիրաւոր էր, ան չէր մարզուած մրցումէն առաջ, բայց շատ լաւ խաղաց, եւ ըրաւ ամէն բան, որպէսզի խումբը յաղթէ այս խաղը:
Պէտք է նշեմ նոյնպէս վիճակագրութենէն կարեւոր փաստ մը: Մրցակիցը խաղին ընթացքին 19 անգամ կորսնցուց գնդակը, իսկ մենք` 9: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մենք շատ ուշադիր խաղացած ենք եւ ստիպած ենք մրցակիցին քանի մը անգամ սխալելու»:
Հայաստանի հաւաքականի յաջորդ մրցակիցն է Շուէտը, որ Ուփսալա քաղաքին մէջ 16 օգոստոսին պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի ազգային խումբը:



