«Բայց Կոլ Նշանակեցի՜»
Հեռաւոր քաղաքի մը ջրագնդակի (ուոթըր փոլօ) խումբը, մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցի մրցաշարքի մը: Խաղին ընթացքին մարզիչը Ճոնիին կը պոռայ.
– Գնդակը փոխանցէ՛ Անտրէին, փոխանցէ՛ Անտրէին:
Ճոնի առանց հնազանդելու մարզիչին, խաղի բերելով մրցակից մարզիկները կը նշանակէ կոլ մը եւ մօտենալով իր մարզիչին ուրախութեամբ կ՛ըսէ.
– Տեսա՞ր, դուն ալ կ՛ըսէիր Անտրէին տուր:
– Կոլը առիր, բայց Անտրէն խեղդուեցաւ:
«Ֆութպոլէն Վիրաւորուեցաւ…»
. Ամուսնացած տարեց զոյգ մը կ՛այցելԷ բարեկամ ընտանիքի մը: Տանտիկինը նշմարելով, որ հիւրին ձեռքը վիրակապերու մէջ է, պատճառը կը հարցնէ անոր կնոջ, որ կ՛ըսէ.
– Ֆութպոլի ատեն ձեռքը վիրաւորեց:
– Այս տարիքին տակաւին ֆութպո՞լ կը խաղայ:
– Օ՜, ոչ, պատկերասփիւռէն ֆութպոլի խաղ կը դիտԷր, ձեռքին մէջ գարեջուրի շիշը փշրուեցաւ:
Բացօթեայ Մշիկ-Մշիկ Քնանալ
. Երկու ապարանցիներ կը մասնակցին լեռնագնացութեան միջազգային մրցումի մը: Գիշերը տեղ մը նստած կ՛ուտեն, կը խմեն, ապա վրանը կը լարեն ու կը քնանան: Կէս գիշերին անոնցմէ մէկը արթննալով միւսին կ՛ըսէ.
– Ծօ՛, այդ աստղը կը տեսնե՞ս:
– Այո՛, աստղ է ի՞նչ եղած է:
– Է բան չհասկցա՞ր:
– Ի՞նչ պիտի ըլլայ:
– Ծօ՛, անխելք, եթէ աստղը կը տեսնենք, ուրեմն վրանը քակած տարած են…
Նախընտրած Մարզական Մեքենան
. Մարզական սրահ յաճախող բաւական գէր մարդու մը կը հարցնեն, թէ սրահին մէջ ո՞ր մեքենան կը նախընտրէ: Մարդը կ՛ըսէ.
– Այն մեքենան, որուն մէջ երբ դրամ դնես, ուտելիք կու տայ:
Խաղին Մասնագէտը





