Վազք
. Լոնտոնի մէջ ընթացող աթլեթիզմի աշխարհի ախոյեանութեան 4×100 մեթր դրօշարշաւի, 100 եւ 200 մեթր վազքի աշխարհի մրցանշակիր, ութ անգամ ողիմպիական ախոյեան Ուսէյն Պոլթ իր երկրի` Ճամայքայի կազմին մէջ վերջինը ստացաւ փայտիկը, սակայն վիրաւորուելուն պատճառով ինկաւ վազքուղիին վրայ եւ չկրցաւ հատել գիծը:
Թենիս
. Թենիսի մարզաձեւին մէջ աշխարհի թիւ երեք դասուած 35-ամեայ Ռոճըր Ֆետերեր, Մոնրէալի մէջ ընթացող թենիսի «Ռոճըրզ» բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական փուլ հասաւ` 6-3, 7-6 արդիւնքով յաղթելով հոլանտացի Ռոպին Հասէին: Մրցումը տեւեց 1 ժամ 15 վայրկեան: Աւարտականին Ֆետերերի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ալեքսանտր Զվերեւ – Տենիս Շափովալով մրցումին յաղթողը: 18-ամեայ Շափովալով մրցաշարքէն դուրս ձգած էր աշխարհի երկրորդ թիւ երկու դասուած Ռաֆայէլ Նատալը եւ Խուան Մարթին տել Փոթրոն:
Զուիցերիոյ Ֆութպոլի Մրցումի` 21 Կոլ
Շաբաթ, 12 օգոստոսին, Քսամաքս խումբը Զուիցերիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց: Նեւշատել քաղաքի խումբը 21-0 արդիւնքով յաղթեց Ե. դասակարգի Մոնֆոքոն ակումբին:
Նախորդ մրցանիշը արձանագրուած էր 1947 թուականին, երբ Կրենխեն 18-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Թաւանին:




