«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի գործունեայ տարրերէն 21-ամեայ Հանա Մոհամետ Համմուտ գլուխէն վիրաւորուեցաւ երէկ երեկոյեան, երբ Արեւմտեան Պեքաայի Հաուշ Հարիմի աւանին մէջ իր մէկ հարազատի տան պատշգամէն կը դիտէր հարսանիքի մը ցնծութիւնը:
Լիբանանեան համալսարանի Զահլէի մասնաճիւղի բնագիտութեան բաժանմունքի չորրորդ տարուան գերազանց ուսանողուհին շուտով փոխադրուած է մօտակայ Շթորայի հիւանդանոցը, սակայն անոր առողջական վիճակը խիստ ծանր է: Կրակոցի ենթադրեալ յանցագործ Եասին Խալիլ Ահմետ անձնատուր եղած է:



