Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբայեան. «Արցախը Բարձր Կը Գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցով Իրանի Դիրքորոշումը»

August 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցով ի սկզբանէ ցուցաբերած է կառուցողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշում, եւ Արցախը բարձր կը գնահատէ այդ դիրքորոշումը: Իրանը 1990-ականներուն ընդհուպ հանդէս եկած է աշխուժ միջնորդական առաքելութեամբ:

Այժմ այդ առաքելութիւնը կարծես կրաւորական փուլի մէջ է, բայց աշխուժ  կը մնայ Իրանի դերակատարութիւնը շրջանային քաղաքականութեան մէջ: «Փանորամա»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի այն յայտարարութեան, որ Թեհրանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ շրջանի, յատկապէս` սահմանակից շրջաններուն մէջ լիարժէք անվտանգութեան հաստատման, եւ որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի միայն խաղաղ միջոցով:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը այդ աշխարհաքաղաքականութեան մէկ բաղադրիչն է, ոչ թէ առանձին, անջատ հարց: Հետեւաբար, Իրանը ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ շրջանին մէջ քաղաքական հոլովոյթներուն վրայ: Թեհրան մշտապէս հանդէս եկած է տագնապի խաղաղ լուծման օգտին, բացառած պատերազմը եւ ուժի կիրարկումը: Ասիկա շատ կարեւոր է, քանի որ կը բխի նաեւ Իրանի շահերէն: Այդ երկիրն է, որ անմիջապէս սահամանակից է ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Արցախին, ե՛ւ Ազրպէյճանին», ըսած է Բաբայեան:

Դաւիթ Բաբայեանի համաձայն, Իրան հրաշալի ձեւով կը հասկնայ, որ շրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմը զինք, կամայ թէ ակամայ, պիտի դարձնէ տագնապի մասնակից:

«Այդպէս եղած է 1991-1994 թուականներուն, երբ Ազրպէյճանը ապօրինի ձեւով օգտագործած է Իրանի տարածքը, այդպէս եղած է ապրիլեան պատերազմի ընթացքին, երբ հրթիռակոծած է Իրանի տարածքը` ի հարկէ յետոյ յայտարարելով, որ պատահաբար եղած է», եզրափակած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղարը:

Նախորդը

«Կառավարութիւնը Պատրաստ Է Թեքնիք Օժանդակութիւն Տրամադրելու Հայաստանի Մէջ Աղբի Վերամշակման» Կ՛ըսէ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան

Յաջորդը

Ալպերթ Սաֆարեան` Արարատ Երեւանի Գլխաւոր Մարզիչ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.