Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի կառավարութեան նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի գործարար միջավայրի բարելաւման («Տուինկ պիզնըս») 2017-ի նախաձեռնութիւններու իրականացման ընթացքը:
Զեկուցուած է, որ ընթացիկ տարուան համար նախատեսուած 49 նախաձեռնութիւններէն արդէն իրականացուած է 20-ը: Կը նախատեսուի, որ 2017-ի նախաձեռնութիւններու իրականացման շնորհիւ Համաշխարհային դրամատան տարեկան զեկուցումին մէջ 150 պետութիւններու շարքին Հայաստանը իր դիրքը պիտի բարելաւէ 12 կէտով:
Հայաստանը նախորդ տարի դիրքը բարելաւած է 5 կէտով եւ գրաւած 38-րդ տեղը: Նշուած է, որ նախաձեռնութիւնները կ՛իրականացուին գործառոյթ սկսելու եւ զարգացնելու համար պահանջուող վարչարարական ընթացակարգերու պարզեցման, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու խթանման, ներդրողներու պաշտպանուածութեան, շինարարական թոյլտուութիւններու ստացման, ելեկտրոնային համակարգերու շարունակական ներդրման, վարկերու հասանելիութեան, սեփականութեան արձանագրութեան, ենթակառուցուածքներով ապահովման ցուցանիշներու բարելաւման ուղղութեամբ:
Վարչապետ Կարապետեան պատասխանատուներէն պահանջած է նախաձեռնութիւններու իրականացման ուղղութեամբ ըլլալ խիստ հետեւողական եւ յետադարձ կապ պահել գործարարական հանրութեան հետ` վերջինները մտահոգող հարցերը քննարկելու եւ հարցերուն լուծումներ գտնելու նպատակով:
«Պէտք է արդէն այսօրուընէ սկսիլ Հայաստանի գործարար միջավայրի բարելաւման 2018-ի նախաձեռնութիւններու ծրագիրի մշակման աշխատանքներուն` քննարկումներ ծաւալել շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ», նշած է վարչապետը:
Վարչապետը Տարածքային Անհաւասար Զարգացման Մասին Կը Խօսի Թիւերով
Երէկ կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետ Կարէն Կարապետեան յանձնարարական տուաւ մարզպետներու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան գնահատման համակարգին վերաբերեալ:
«Հայաստանի տարածքային զարգացման անհամաչափութիւնները մեր առջեւ դրուած կարեւոր մարտահրաւէրներէն են: Մենք պատրաստ ենք խրախուսելու տեղական մակարդակին վրայ ենթակառուցուածքներու տնտեսական զարգացման ծրագիրները, աւելի՛ն` ուղղակի օժանդակելու կամ նպաստելու անոնց իրագործման` պայմանով, որ տեղական եւ տարածքային իշխանութիւնները դրսեւորեն բաւարար նախաձեռնողականութիւն սեփական ներուժը օգտագործելու եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալելու հարցով», ըսաւ վարչապետը:
Վարչապետը ըսաւ, որ 2017-ին տեղական պիւտճէներու ծրագրաւորման հոլովոյթին մէջ տեղական իշխանութիւնները աւելի յաւակնոտ գտնուեցան, եւ ասոր շնորհիւ սեփական եկամուտներու բաժինով ծրագրային ցուցանիշը, առանց Երեւան քաղաքի, աւելցած է 17,3 առ հարիւրով:
Վարչապետը նշեց, որ յուսադրող են կիսամեակային եկամուտներու հաւաքագրման ցուցանիշները: «Անցեալ տարուան փաստացի կիսամեակային հաւաքագրման ցուցանիշը բարձրացած է 950 միլիոն դրամով», ըսաւ վարչապետ Կարէն Կարապետեան` աւելցնելով, որ իրականացուած ուսումնասիրութիւններու, մարզային քննարկումներու իբրեւ արդիւնք նկատուած են շարք մը հարցեր, որոնց համար արագ եւ արդիւնաւէտ լուծումներ պէտք է գտնուին:
Անհամաչափութիւններ կան հանրակրթութեան, նախադպրոցական կրթական մարզերուն մէջ: «Այսօրուան կառուցուածքի պայմաններուն մէջ մէկ աշակերտին համար նիւթական յատկացումը կը տատանի 129 հազար դրամէն մինչեւ 5,5 միլիոն դրամ: Այստեղ լուրջ քայլեր պէտք է առնուին կրթութեան անհրաժեշտ որակը բոլոր դպրոցներուն մէջ ապահովելու համար», նշեց վարչապետ Կարապետեան:
Վարչապետը տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարին յանձնարարեց միամսեայ ժամկէտի ընթացքին մշակել եւ կառավարութեան աշխատակազմին ներկայացնել մարզպետներու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան գնահատման կարգի նախագիծը` իբրեւ ելակէտային ցուցանիշ հաշուի առնելով մարզին մէջ կատարուած ներդրումներու ծաւալը, ստեղծուած նոր աշխատատեղերը, աղքատութեան սահմանէն վար գտնուող ընտանիքներու տեսակարար կշիռը, համայնք-սեփական մարզ ծրագիրի շրջագիծին մէջ կատարուած աշխատանքները եւ այլն:



