Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համայնքները Մեծցնելու Ծրագիրով Անոնց Տրուող Միջոցներով Կարելի Է Բազմաթիւ Հարցեր Լուծել

August 4, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը շարունակուին Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեանի այցելութիւնները մարզի համայնքներ: Հերթական այցելութիւնը 2 օգոստոսին էր: Արագածաւանի համայնքապետարանին մէջ մարզպետը հանդիպում ունեցաւ Թալինի շրջանի Արագածաւան, Արտենի, Գետափ եւ Լուսակն համայնքներու  ղեկավարներուն հետ: Անոնք այն համայնքներն են, որոնք մեծացման ծրագիրով պիտի միաւորուին մէկ` Արագածաւան համայնքին մէջ:

Խորհրդակցութեան ներկայ էին նաեւ աւագանիի անդամներ, ինչպէս նաեւ Արագածաւանի բնակիչներ:

Մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան ողջունեց ներկաները եւ նշեց, որ իրենց առաջին հանդիպումէն ան կ՛ակնկալէ գործնական եւ արդիւնաւէտ քննարկումներ: Համայնքներու ղեկավարները ներկայացուցին իրենց համայնքներուն մէջ առկայ այն հարցերը, որոնց լուծման համար  ակնկալիքներ ունին վերադաս մարմիններէն:

Արագածաւանի համայնքապետ Անդրանիկ Պապիկեան բարձրացուց կարկուտի պատճառած վնասներուն, երկու օր առաջ քամիներէն քանդուած բազմաբնակարան շէնքերու տանիքներու, ոռոգման ջուրի մատակարարման հարցերը: Ոռոգման  խնդիրը մտահոգութիւն էր նաեւ ներկայ միւս համայնքապետներուն համար:

Լսելով համայնքներու ղեկավարներուն մտահոգութիւնները` մարզպետը նշեց, որ համայնքներուն մէջ առկայ բազմաթիւ խնդիրներու լուծումը կ՛ենթադրէ բոլորին միացեալ ու համագործակցուած աշխատանքը: Ան յորդորեց համայնքներու ղեկավարները, իւրաքանչիւր բնակիչի հետ անհատապէս աշխատելու, զանոնք ներգրաւելու համայնքի զարգացման հոլովոյթին մէջ:

Անդրադառնալով համայնքներու մեծացման ծրագիրին` մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան համոզմունք յայտնեց, որ այդ շրջագիծին մէջ համայնքներուն տրուող միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ շատ ու շատ հարցեր լուծել:

Քննարկուեցան նաեւ «Մաքուր Հայաստան» ծրագիրի ծիրին մէջ աղբահանութեան կազմակերպման, սեփական եկամուտներու հաւաքագրման, համընդհանուր հետաքրքրութեան այլ հարցեր:

Նախորդը

Կարօ Փայլան Դատապարտած Է Վանի Մէջ Հայկական Գերեզմանատան Տարածքին Մէջ Լուացարան Կառուցելու Փաստը

Յաջորդը

«Տուինկ Պիզնըս»-ի Մէջ Հայաստանը Իր Տեղը Կը Բարելաւէ 12 Կէտով

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.