Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

October 26, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց սուրիական ուժերուն ներթափանցումը հիւսիսային Լիբանան եւ Դամասկոսէն պահանջեց յարգել լիբանանեան գերիշխանութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքը կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին վտարելու: Միւս կողմէ, Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ հաւանական որեւէ ներխուժում կամ յարձակում պիտի քանդէ Ծոցի երկիրներուն եւ շրջանին մեծ մասը:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ գիշեր պաղեստինեան Այն հելուէ գաղթակայանին մէջ ականի մը պայթումը պատճառեց 6 զոհ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքը պիտի մնայ բարձր եւ անոր դէմ շղթայազերծուող իրերայաջորդ բոլոր արշաւները պիտի ձախողին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է քաղաքական նոր ռազմավարութիւն մը եւ տնտեսական նոր քաղաքականութիւն մը որդեգրէ` շարունակելու համար իր աշխատանքները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին յայտնեց, որ ներկայ կառավարութեան պարտականութիւնն է Լիբանանը վերածել Սուրիոյ եւ Հըզպալլայի քմահաճոյքի առարկային` աւելցնելով, որ այդ պարտականութիւնը ստանձնած են եւ լաւապէս կը գործադրեն վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վերաբերող ճշմարտութիւնը պիտի բացայայտուի, նոյնիսկ եթէ Միջազգային դատական ատեանը չֆինանսաւորուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի այցելուներէն, կը հաստատէ, որ ան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ֆինանսաւորելու համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը, որովհետեւ այդ մէկը կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի բացատրութիւն պահանջեց Քուսայայի մէջ գտնուող պաղեստինեան զինուորական խարիսխի գոյութեան մասին:

ԱՈՒՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յստակ կերպով մերժած է Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ ընդգծած, որ այդ ատեանին կազմութիւնը հակասահմանադրական է:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ քրիստոնեաները Եգիպտոսի մէջ գտնուած են նախքան մնացեալ բոլոր համայնքները: Հազիմ պատրիարքը մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց երեսփոխան Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

ՄԻՒՖԹԻ շէյխ Ահմետ Քապալան մեկնեցաւ Վատիկան` մասնակցելու համար իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան խորհրդաժողովին: Քապալան կոչ ուղղեց պահպանելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ տապալելու բոլոր այն դրդապատճառները, որոնք կը միտին պառակտել Լիբանանի կառավարութիւնը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ցաւակցագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` գուժելով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Սուլթան պըն Ապտել Ազիզի մահը: Շէյխ Քապալան իր ցաւակցագիրին մէջ շեշտեց, որ Սուլթան պըն Ապտել Ազիզ իշխանի կորուստով Ռիատ կորսնցուցած է Սէուտական Արաբիոյ բարգաւաճման եւ զարթօնքի հիմնասիւներէն մէկը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ իրանեան դեսպանատունը նկատել տուաւ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը չէ ջնջուած, այլ յետաձգուած է: Դեսպանատան համաձայն, այդ այցելութիւնը պիտի կատարուի այս շաբթուան ընթացքին:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ գտնուող Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանին մահուան առիթով դեսպանատան մէջ ցաւակցութիւններ պիտի ընդունուին այսօր` չորեքշաբթի, 26, հինգշաբթի, 27 եւ ուրբաթ, 28 հոկտեմբերին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը բազմաթիւ մարզերու մէջ ձախողած է, յատկապէս` ապահովական կացութեան պահպանումին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը պիտի դառնայ այն թնճուկը, որուն պիտի բախի կառավարութիւնը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Հըզպալլա իր դաշնակիցներուն չի պարտադրեր մերժել Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան յայտնեց, որ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն ազատ արձակումը կը կազմէ Լիպիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն բանալին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ յայտնեց, որ լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան հիմքը կը նկատուի:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի բախումի սրտին մէջ եւ այդ պատճառով ալ չի կրնար չէզոք մնալ: Ան նկատել տուաւ, որ ոմանք կը փափաքին, որ Լիբանան ազատ, անկախ եւ գերիշխան ըլլայ, իսկ ուրիշներ կը փափաքին Լիբանանը ենթակայ պահել այս կամ այն վարչակազմին հրահանգին եւ արտաքին միջամտութիւններուն:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ ծայրայեղութիւնը բոլորին մօտ առկայ է` աւելցնելով, որ անիկա կրօնի հետ կապուած չէ, այլ` մտայնութեան:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի երեսփոխան Ալի Ֆայեատի հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կացութիւնը:

 

 

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ` ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՈՉ ՄՆԱՅՈՒՆ ԱՆԴԱՄ

Յաջորդը

ՇԱՐՊԵԼ ՆԱՀՀԱՍ. «ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆԸ ՔԱՆԻ ՄԸ ՕՐԷՆ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ»

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։