Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղափարական Հարցեր. Մեծ Ընկերութիւններու Վերջին Փորձը Պրազիլի Մէջ

July 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 12 յուլիսին, Պրազիլի նախկին նախագահ Լուիզ Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվա դատապարտուեցաւ 9 տարուան բանտարկութեան ներկայ աջակողմեան իշխանութիւններուն կողմէ` պետական ընկերութիւններէ կաշառք առնելու յանցանքով:

Այս վճիռին արձակումը անշուշտ քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական խաղ մըն էր աջակողմեան կառավարութեան կողմէ, առաջին` տկարացնելու համար Լուլայի ղեկավարած Բանուորական կուսակցութիւնը, որպէսզի վերջինս յոյս չունենայ յառաջիկայ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծամասնութիւն ունենալու եւ իր նախագահական թեկնածուն չ՛ընտրուի, իսկ միւս կողմէ` փտածութեան հագուստ հագցնելու քարիւղի պետական ընկերութեան, որպէսզի անիկա աւելի արագ սեփականաշնորհուի:

Լուլա, որ ծանօթ է ընկերային արդարութեան արժէքներու պաշտպան ըլլալու իր հանգամանքով, ծաւալուն պայքար մղած է իր նախագահութեան ժամանակաշրջանին (2003-2011)` աղքատութիւնը վերացնելու համար Պրազիլէն: Իր նախագահութեան ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութիւնները ընդգրկած են պետական մեծագոյն ներդրումները կրթութեան, առողջապահութեան եւ ենթակառոյցներու մարզերուն մէջ: Ան հսկողութեան ենթարկած է շուկայի գործունէութիւնը:

Այսօր դժբախտաբար Լուլայի ժառանգութիւնը վտանգի մէջ է. ընկերային եւ հանրային ծառայութիւնները կ՛ենթարկուին խստամբերութեան, իսկ պետական ընկերութիւնները սեփականաշնորհման ճամբուն վրայ են:

Բանուորական կուսակցութեան համակիրները, Լուլայի դատապարտման լուրը լսելէ անմիջապէս ետք, հաւաքուեցան կուսակցութեան կեդրոնին առջեւ` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Լուլային: «Եթէ կը կարծեն, որ այս վճիռով զիս խաղէն դուրս պիտի հանեն,պէտք է գիտնան, որ ես խաղին մէջն եմ», ըսաւ Լուլա իր զօրակիցներուն` աւելցնելով. «Այս վայրկեանէս կ՛առաջարկեմ Բանուորական կուսակցութեան, որ ինծի նշանակեն նախագահական թեկնածու»: Զօրակիցները գոչեցին` «Լուլա նախագահ»:

Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը Բանուորական կուսակցութիւնը դատապարտեց իշխանութիւններուն որդեգրած քայլը` նշելով, որ անիկա «յարձակում մըն է ժողովրդավարութեան վրայ»:

Յայտարարութիւնը Լուլայի դատապարտումը մէկ մասը նկատեց աջակողմեան կառավարութեան վարած նոր-ազատական քաղաքականութիւններուն` նշելով. «Լուլայի դատապարտումը նոր մոլորութիւն մըն է պետական հարուած հասցնող կառավարութեան կողմէ, որ կը փորձէ չեղեալ նկատել ընկերային եւ աշխատաւորական իրաւունքները` բարձրացնելով թոշակառուներու տարիքը, կրճատելով պետական ծախսերը կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ եւ  սեփականաշնորհելով կարեւոր պետական ձեռնարկութիւնները, ինչպէս` պետական դրամատուներն ու քարիւղի ընկերութիւնը»:

Պրազիլեան ներկայ քաղաքական ճգնաժամը սկսաւ 2 դեկտեմբեր 2015-ին, երբ երկրին Պատգամաւորներու պալատը (աջակողմեան կուսակցութիւններուն աջակցութեամբ) փտածութեամբ ամբաստանեց Բանուորական կուսակցութեան անդամ նախագահ Տիլմա Ռուսեֆը:

Ակնյայտ է, որ այս պայքարին մէջ, իբրեւ առաջին խումբ, կը ներկայանայ ներկայ աջակողմեան կառավարութեան կազմը` իրեն հետ ունենալով միջազգային դրամատուները, քարիւղի ընկերութիւններն ու համաշխարհային մեծ ընկերութիւնները, որոնք անդադար կ՛աշխատին սեփականաշնորհման եւ Բանուորական կուսակցութեան ու անոր շրջանային քոյր կուսակցութիւններուն տկարացման նպատակով:

Իսկ երկրորդ խումբը ընկերվարական Բանուորական կուսակցութիւնն է` իրեն հետ ունենալով հասարակ աշխատաւորութիւնն ու գիւղացիութիւնը, որոնք կը պայքարին ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող ձեռնարկութիւնները պահելու պետութեան ձեռքը` ի շահ հանրութեան:

Պրազիլը անշուշտ առաջին եւ վերջին կայարանը չէ մեծ ձեռնարկութիւններուն, Պրազիլի կողքին կայ նաեւ Վենեզուելան:

Անկասկած պէտք է զօրակցութիւն յայտնել Պրազիլի, Վենեզուելայի եւ միւս լատինամերիկեան երկիրներուն, որոնք կը դիմագրաւեն մեծ ընկերութիւններու արշաւանքը եւ ժողովրդային լայն շարքերով կը դիմադրեն «ազատ շուկայ»-ի վերջին փորձերուն:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Շրջադարձային Տարիներ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.