Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսութեան Նախարարը Այցելեց Պուրճ Համուտ

July 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի երէկ առաւօտեան` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի այցելեց եւ Սպառողներու պաշտպանութեան վարչութեան պատասխանատուներուն հետ շրջագայեցաւ Պուրճ Համուտի վաճառատուները, ուր ստուգեց վաճառատուներուն իրավիճակը եւ օրէնքներուն նկատմամբ անոնց յանձնառութիւնը:

Խուրիի այցելութեան իբրեւ արդիւնք փակուեցան մսավաճառի խանութ մը, որ օրինական արտօնագիրով չէր գործեր, ինչպէս նաեւ բանջարեղէնի յատուկ երկու վաճառատուներ:

Շրջագայութիւնը աւարտելէ ետք Խուրի յայտնեց, թէ իր այցելութեան նպատակն է հաստատել, որ բոլոր վաճառատուները արտօնագիրով կը գործեն: Ան աւելցուց, որ այս իմաստով կառավարութիւնը որոշում տուած է եւ տնտեսութեան նախարարութիւնը զայն կը գործադրէ:

Խուրի հաստատեց, որ օրէնքները պէտք է յարգուին լիբանանցիներու թէ օտարներու կողմէ, եւ աշխատանքը պէտք է ընթանայ կանոններու հիման վրայ` աւելցնելով, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ նման խնդիրներու պատճառով:

Ան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին հետ այս այցելութեան ընթացքին կարգ մը օրինազանցներու հաշուոյն համապատասխան քայլեր որդեգրուած են, որպէսզի այդ վաճառատուները` մսավաճառ մը եւ բանջարեղէնի երկու վաճառատուներ այդ իմաստով պէտք եղած օրինական քայլերուն դիմեն:

«Մենք օտար ներդրումները չենք մերժեր, սակայն անոնք պէտք է կատարուին ըստ օրէնքի», ըսաւ ան:

Խուրի շնորհաւորեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այս իմաստով իր որդեգրած համապատասխան գործառնութիւններուն համար: Ան շեշտեց, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը կը զօրակցի եւ նեցուկ կը կանգնի քաղաքապետութեան: «Կը մաղթենք, որ Լիբանանի տարածքին բոլոր քաղաքապետութիւնները նման աշխատանք տանին` կատարելով իրենց պարտականութիւնները», շեշտեց Խուրի:

Իր կարգին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան ընդգծեց նախարար Խուրիի այցելութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով օրէնքներու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը եւ աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այս իմաստով իր պարտականութիւններուն յանձնառու է:

 

 

Նախորդը

«Սէուտական Արաբիայէն Լիբանան Այցելող Զբօսաշրջիկներուն Համեմատութիւնը 106 Առ Հարիւրով Բարձրացած Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

«Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու» Շեշտեց Նախարար Մաշնուք

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.