Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէուտական Արաբիայէն Լիբանան Այցելող Զբօսաշրջիկներուն Համեմատութիւնը 106 Առ Հարիւրով Բարձրացած Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

July 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկրին մէջ զբօսաշրջութեան թափը նախարարութեան ակնկալութիւններուն համապատասխանող կշռոյթով սկսած է: Ան նշեց, որ Լիբանանի զբօսաշրջական իրավիճակը նախորդ հինգ տարիներէն շատ աւելի լաւ է:

Նախարար Կիտանեան նշեց, որ անցնող վեց ամիսներուն 15 առ հարիւր աւելի զբօսաշրջիկ հասած է Լիբանան, քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանը:

Պանդոկներու մէջ արձանագրուած պատուէրներուն մասին խօսելով` Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ այդ պատուէրները 10 առ հարիւրի աճ մը արձանագրած են` նկատի ունենալով, որ հինգ աստղանի պանդոկներուն պարագային անցեալ տարուան առաջին կիսուն պատուէրներուն համեմատութիւնը 39,5 առ հարիւր եղած է, մինչդեռ այսօր համեմատութիւնը 48 առ հարիւր է:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ պանդոկներու աշխատանքը կը փաստէ, որ Լիբանան այցելողները արտերկրի լիբանանցիներ չեն, այլ զբօսաշրջիկներ:

«Վերոնշեալ համեմատութիւնները մինչեւ յունիսի աւարտ արձանագրուած թիւերն են: Իսկ ինչ կը վերաբերի յուլիս ամսուան առաջին շաբթուան ընթացքին արձանագրուած թիւերուն, ապա կարելի է ըսել, որ Պէյրութի մէջ հինգ աստղանի պանդոկներուն պատուէրները կը տարուբերին 85-90 առ հարիւրի միջեւ, իսկ 60-70 առ հարիւրի միջեւ` Պէյրութէն դուրս գտնուող շրջաններուն մէջ:

Արաբական երկիրներէն Լիբանան ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան ըսաւ, որ բաղդատած անցեալ տարուան առաջին վեց ամիսներուն, արաբական երկիրներէն Լիբանան հասնող զբօսաշրջիկներուն թիւը 21,45 առ հարիւրով բարձրացած է, Եւրոպայէն ժամանողներուն թիւը 12,40 առ հարիւրով բարձրացած է, իսկ Միացեալ Նահանգներէն հասնող զբօսաշրջիկներուն համեմատութիւնը` 11 առ հարիւրով:

«Իսկ ամէնէն յատկանշականը Սէուտական Արաբիայէն հասնող զբօսաշրջիկներուն թիւն է, որ 106,16 առ հարիւրի աճ մը արձանագրած է: Անցեալ տարուան առաջին կիսուն Լիբանան այցելող սէուտցիներուն թիւը 14.415 էր, իսկ այս տարի մինչեւ օրս անոնց թիւը հասած է 29.718-ի», ըսաւ նախարար Կիտանեան` աւելցնելով, որ Ֆրանսայէն ժամանողներուն թիւը 10 առ հարիւրով բարձրացած է, իսկ Գերմանիայէն` 12 առ հարիւրով:

Ճաշարաններու գործունէութեան մասին Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ ընդհանուր առմամբ ճաշարաններուն գործունէութիւնը բաւական լաւ է` նկատի ունենալով նախորդ հինգ տարիներուն արձանագրուած տեղքայլը: «Անշուշտ տակաւին չենք հասած 2010-ի թիւերուն, որոնք լաւագոյնն էին, սակայն մենք լաւատես ենք, որ այդ թիւերը եւս պիտի գերազանցենք, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն բարելաւումը մեծ ներդրում ունեցած է զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած աշխուժութեան մէջ, եւ կ՛ակնկալենք, որ տարուան յաջորդ կէսին ընթացքին քաղենք Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը շուկայադրելու նպատակով մեր իրագործած ռազմավարական ծրագիրին պտուղները:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Խորհրդարանը Օրէնսդրական Նիստի Հրաւիրեց 18 Եւ 19 Յուլիսին

Յաջորդը

Տնտեսութեան Նախարարը Այցելեց Պուրճ Համուտ

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.