Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅՐԵՆԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒՔԱՍԶԵԱՆ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

October 25, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս շաբթուան ընթացքին լիբանանահայութիւնը հիւրընկալեց հանրածանօթ մտաւորական եւ գիտնական Գարեգին Չուքասզեանը: Հայրենի գիտնականը քանի մը ելոյթներ ունեցաւ լիբանանահայ բեմերու վրայ, եւ այս ծիրին մէջ մենք ալ պատիւը ունեցանք մեր վարժարանին մէջ հիւրընկալելու զինք:

Չուքասզեան ծանօթ է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կազմակերպութիւններու մէջ իր անդամակցութեամբ եւ գործադիր տնօրէնութեամբ, եւ աշխուժ գործուէնութիւն ցուցաբերած է` սատարելով հայ թէ համաշխարհային տեղեկատուական եւ հրատարակչական նախաձեռնութիւններու յաջողութեան:

Արդարեւ, իր այցելութիւններու ծիրին մէջ Գարեգին Չուքասզեան հանդիպեցաւ վարժարանիս միջնակարգ բաժնի աշակերտներուն հետ: Հայրենի հիւրը աշակերտներուն հետ իր խօսակցութիւնը սկսաւ անոնց ծանօթացնելով հայկական այն ժառանգութիւններուն, որոնք` «Մեզի որպէս նուէր հասած են նախորդ սերունդներէն»: Ան աշակերտներուն բացատրեց այս տեսակի նուէրներուն անհրաժեշտութիւնը եւ ունեցած արժէքները: Ան ըսաւ, թէ` «Այսօր մեր պապերէն մնացած ամէնէն թանկ նուէրներէն մին երաժշտութիւնն է, որ կը բաժնուի երկու տեսակի` ժողովրդական եւ հոգեւոր, որոնք ժամանակին կրած են օտար բնոյթներ եւ ապա գտած են իրենց իսկական հունը»: Ան այս առումով բարձր գնահատեց եւ իւրայատուկ բաժին յատկացուց Կոմիտաս վարդապետի աշխատանքներուն, որոնց շնորհիւ հայ երգերը ունեցան իրենց իսկական դիմագիծը: Ժողովուրդ մը, որ ունի հզօր լեզու եւ պատմութիւն, ան պէտք է ունենայ նաեւ իր ինքնուրոյն երգը, եւ Կոմիտասն է, որ վերականգնեց հայ երգը:

Չուքասզեան աշակերտներուն ներկայացուց Կոմիտասի կեանքին ու ստեղծագործութեան մասին իր պատրաստած խտասալիկը, որ կ’ընդգրկէր լուսանկարներ, տեսանիւթեր, գրութիւններ ու ժամանակագրութիւններ: Այդ խտասալիկին մէջ կարելի է գտնել մանրամասնօրէն եւ բծախնդրութեամբ համադրուած մեր մեծանուն եւ անզուգական վարդապետին կենսագրականը, ստեղծագործութիւնները, Կոմիտասին նուրիուած գրական գործերը, ինչպէս նաեւ երգերն ու անոնց նոթաները, որոնք` «Իր աշակերտները աշխարհի տարբեր անկիւններէ փշրանքներով հաւաքած ու փրկած են Կոմիտասի 3000 երգերէն միայն 1000-ը», ըսաւ Չուքասզեան:

Երկրորդ խտասալիկով մը հայրենի մտաւորականը ներկայացուց հայ ժողովուրդին պատմութիւնը` 1915-1923 ժամանակահատուածներուն: Այս աշխատանքը կ’ընդգրկէ արեւմտահայ գրագէտներ, կառոյցներ (տուն, դպրոց, եկեղեցի), թատերախումբեր, դերասաններ, ինչպէս նաեւ` ականաւոր դէմքեր: Հայոց ազատագրական պայքարի առաջին շարժումներէն սկսեալ միչեւ Խորհրդային Հայաստանի թուականներու յիշատակելի դէպքերուն կարելի է ծանօթանալ այս խտասալիկին միջոցով, որ նաեւ մեր աշակերտներուն առիթ տուաւ տեղեկանալու այդ տխրահռչակ թուականներուն ընթացքին մեր ունեցած (կորսնցուցած ու վերագտած) մարդկային թէ նիւթական հարստութիւններուն, որոնց` «Մահուան ու կորստին պատճառ դարձող ազգն ու անհատները պէտք չէ որ մոռնանք, որովհետեւ այսպիսի հարստութիւններուն եւ թանկագին արժէքներուն շնորհիւ է, որ հայ ժողովուրդը գոյատեւած է առ այսօր»:

Խտասալիկի ցուցադրութենէն ետք, որ հայրենի մտաւորականը նուիրեց վարժարանիս տնօրէնութեան, աշակերտներուն հարցումներուն ու անոնց ստացած պատասխաններուն հետ հանդիպումը հասաւ իր աւարտին:

Այս հսկայական աշխատանքը խիստ գնահատելի է եւ Գարեգին Չուքասզեանին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:

Նախորդը

ԳԻՏԱԿԱՆ. ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՋԵՐՄԱՑՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԲԵՒԵՌԻՆ ՕԴԸ ԿՐՆԱՅ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՄԱՔՈՒՐ ԴԱՌՆԱԼ

Յաջորդը

ԵՐԹԱՍ ԲԱՐՈՎ, ՍԻՐԵԼԻ՛ ԱՄԱՌ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.