Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիաշի. «Լիբանան Կը Գտնուի Լուրջ Տագնապներու Դիմաց Եւ Իսկական Կարիքը Ունի Արաբական Լիկայի Օժանդակութեան»

July 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ Գահիրէի մէջ սկսած արաբ տեղեկատուութեան նախարարներու 48-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել իր վրայ պարտադրուած բեռը` աւելցնելով, որ Լիբանանին կ՛առաջարկուին այնպիսի լուծումներ, որոնք յաւելեալ ճնշում կը բանեցնեն երկրին վրայ եւ պատճառ կը դառնան հիւր սուրիացիին եւ հիւրընկալ լիբանանցիին միջեւ յարաբերութիւններու լարումին:

Ռիաշի հաստատեց, որ այս կացութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ արդէն փխրուն նկատուող Լիբանանի կազմուածքը եւ Լիբանանը կը զետեղէ լուրջ տագնապներու դիմաց, «որոնց լուծման համար մենք Արաբական լիկայի օժանդակութեան իսկական կարիքը ունինք», ըսաւ ան:

Ռիաշի կոչ ուղղեց տեղեկատուութեան մարզին ընդմէջէն պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ:

Ռիաշի նաեւ յայտնեց, որ ինք կը միտի Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարութիւնը փոխարինել երկխօսութեան եւ խորհրդակցութեան նախարարութեամբ` նկատի ունենալով տեղական, արաբական եւ արեւելեան իմաստով այդպիսի նախարարութեան գոյութեան կարիքը:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ մշակելու տեղեկատուական միացեալ ծրագիր մը, որուն գործադրութեան կը հսկէ Արաբական լիկան: Այս շրջագիծին մէջ Ռիաշի մաղթեց, որ Արաբական լիկան անյապաղ կազմէ նախարարական յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մշակել այդ ծրագիրը հիմնական նպատակ ունենալով շրջանը իր քաղաքակրթութեամբ ներկայացնել ամբողջ աշխարհին:

Սիսիի Եւ Թէոդորոս Բ. Պապին Հետ Հանդիպում

Նախանցեալ օր Ռիաշի արաբ տեղեկատուութեան նախարարներու 48-րդ խորհրդաժողովին ծիրին մէջ այցելեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի:

Ռիաշի այցելեց նաեւ ղպտի համայնքի Թէոդորոս Բ. պապին:

Այցելութիւն «Շարք Աուսաթ» Լրատու Գործակալութիւն

Ռիաշի այցելեց նաեւ «Շարք Աուսաթ» լրատու գործակալութեան կեդրոն, ուր դիմաւորուեցաւ «Շարք Աուսաթ» գործակալութեան տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Ալի Հասանի կողմէ:

Ռիաշի շեշտեց, որ Լիբանան եւ Եգիպտոս ահաբեկչական շարժումներէն շատ աւելի հզօր են եւ մօտիկ ապագային պիտի ըլլան շրջանի զարթօնքին ռահվիրաները:

Ռիաշի ընդգծեց, որ իր պատկերացումով` տեղեկատուութեան մարզը մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենայ նորահաս սերունդները ահաբեկչութենէն հեռացնելու իմաստով:

Ռիաշի բարձր գնահատեց «Շարք Աուսաթ»-ի եւ Ազգային լրատու գործակալութեան միջեւ գործակցութիւնը` ընդգծելով, որ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը յանձնառու է երկու լրատու գործակալութիւններուն միջեւ այդ գործակցութիւնը ամրապնդելու:

Նախորդը

Աւելի Քան 200 Տեղահանուածներ Վերադարձան Սուրիա

Յաջորդը

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումը Իրաւունք Մըն Է, Որ Անկարելի Է Անտեսել»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.