Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քսաններու Խմբակի Ժողովը Ձախողեցաւ Լուծել Խոր Տարակարծութիւնները

July 10, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ գումարուած Քսաններու խմբակի վեհաժողովը աւարտեցաւ առանց կլիմայի եւ ազատ առեւտուրի հարցերուն շուրջ խոր տարակարծութիւններու լուծման: Վեհաժողովէն բխող հաղորդագրութիւնը ցաւ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը պնդէ Կլիմայի փոփոխութիւններուն շուրջ Փարիզեան համաձայնագիրէն հրաժարելու իր կեցուածքին վրայ:

Վեհաժողովի մասնակից 18 երկիրներու եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները միացեալ հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեցին, որ կ՛ընդունին ամերիկեան այդ որոշումը, սակայն նաեւ նշեցին, որ Քսաններու խմբակի մնացեալ անդամները կը շարունակեն յանձնառու մնալ «անշրջելի» այդ համաձայնագիրին:

Նշենք, որ վեհաժողովի վերջին օրը ամբողջութեամբ յատկացուած էր այդ անել կացութենէն դուրս գալու փորձերուն: Վերջապէս կարելի եղաւ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյացնել եւ վեհաժողովի հաղորդագրութիւնը պաշտօնապէս հրապարակել շաբաթ օր:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ կը շարունակէ ցաւ զգալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշումին համար, սակայն «գոհունակ է», որ մնացեալ 19 անդամները ընդդիմացած են համաձայնագիրը վերատեսութեան ենթարկելու ամերիկեան պահանջին:

Թրամփ զիջում մը ապահովեց, երբ վեհաժողովին մասնակիցները ընդգծեցին «առեւտրական պաշտպանութեան օրինական միջոցառումներ» կիրարկելով իրենց շուկաները պաշտպանելու երկիրներու իրաւունքը:

Ան աւելի ուշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ վեհաժողովը հոյակապ յաջող էր եւ գեղեցիկ կերպով անցաւ վարչապետ Անկելա Մերքելի վերահսկողութեան տակ:

 

Նախորդը

Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Կոչ Կ՛ուղղեն Իշխանութիւններուն Թուրքիոյ Չվաճառելու «Էֆ-35» Կործանիչներ

Յաջորդը

Էրտողան. «Քաթարի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Անարդար Են»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.