Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Ոստիկանը` Տինքը Սպաննողին Հետ Լուսանկարուելու Մասին. Դատախազը Եկաւ Եւ Պահանջեց Լաւ Վերաբերում Ցոյց Տանք Սամասթին, Որպէսզի Ամէն Բան Դիւրին Պատմէ

July 6, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ թիւ 14 ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ սկսած է Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով հերթական դատական նիստը, որուն ընթացքին պաշտպանական ճառով հանդէս եկած է Պոլսոյ եւ Սամսոնի ոստիկանութեան ու կիսազինուորական ոստիկանութեան նախկին եւ ներկայ պաշտօնեաներէն մէկ քանին:

Սամսոնի ոստիկանութեան նախկին աշխատակիցներէն Ահմետ Չեթիներ, որուն հարցում ուղղուած էր Տինքի սպանութենէն ետք մարդասպան Օկիւն Սամասթը Սամսոնի մէջ ձերբակալելով անոր հետ թրքական դրօշով լուսանկարուելու վերաբերեալ, նշած է, որ մարդասպանին հետ լուսանկարուելու հրաման չէ տուած, եւ հերքած է Սամասթի հետ անձամբ լուսանկարուելու մասին տեղեկութիւնը:

Չեթիներ նշած է, որ լուսանկարները կատարուած են այն ընթացքին, երբ ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք Սամսոնի ոստիկանատան մէջ երկու ժամուան ընթացքին պատրաստուած է Սամասթի մասին արձանագրութիւնը:

Սամսոնի ոստիկանութեան այլ նախկին աշխատակից Մեթին Պալթանն ալ դատարանին մէջ պատմած է, որ Սամասթին լաւ վերաբերելու առնչութեամբ իրենց հրաման տուած էր տեղւոյն ընդհանուր դատախազը:

«Ոստիկանատուն բերուելուն պէս խուզարկեցինք զինք: Դրօշ գտանք անոր մօտ, ձեռքէն առինք, սակայն Սամասթ չարտօնեց, որ դրօշը խլենք: Ըսաւ` «մինչեւ դատախազը չըսէ, թոյլ տուէք, որ մօտս մնայ»: Դատախազը եկաւ եւ պահանջեց, որ լաւ վերաբերում ցոյց տանք անոր, որ ամէն բան դիւրին պատմէ: Մենք ալ սկսանք լաւ ոստիկանի դերի մէջ մտնել», ըսած է Պալթան:

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Կը Զօրակցի Բանակին` Մերժելով Անոր Նուիրումը Կասկածի Տակ Առնող Իւրաքանչիւր Արտայայտութիւն

Յաջորդը

Մոսկուա Ազրպէյճանէն Պահանջած Է Դադրեցնել Խտրականութիւնը Հայկական Մականունով Ռուսիոյ Քաղաքացիներուն Նկատմամբ

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.