Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի չորս ազգային խումբերը կը պատրաստուին տարբեր տեսակի մրցաշարքերու:
Բնականաբար այդ մրցաշարքերէն կարեւորագոյնը պիտի ըլլայ տղոց Ասիոյ բաժակի մրցաշարքը, որ 8-20 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:
Լիբանանի տղոց կազմը, որ այժմ նոր մարզիչ Ռամոնաս Փութաութասի (Լիթուանիա) գլխաւորութեամբ իր փորձերը կը կատարէ (Լիբանանի մէջ), 8-22 յուլիսին յատուկ բանակումի մը համար պիտի մեկնի Սերպիա, ուր նաեւ պիտի կատարէ պասքեթպոլի բարեկամական մրցումներ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ազգային խումբին, անիկա գլխաւորութեամբ մարզիչ Տիգրան Կէօքճեանի կը պատրաստուի Ասիոյ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 23-29 յուլիսին` Հնդկաստանի մէջ:
Խումբը Պոլսոյ մէջ յատուկ բանակում մը պիտի կատարէ 7-13 յուլիսին:
Լիբանանի երիտասարդներու աղջկանց ազգային խումբը (18-28 տարեկան) այժմ կը պատրաստուի Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն` գլխաւորութեամբ մարզիչ Սարգիս Քորճեանի: Այս խաղերը տեղի պիտի ունենան Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ:
Վերջապէս, տղոց 17 տարեկանէն վար ազգային խումբը` գլխաւորութեամբ մարզիչ Վինքօ Պաքիթիչի (Սերպիա), կը պատրաստուի 27-31 օգոստոսին Իրանի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան:
Տղոց Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին մասնակցող խումբերն են.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Իրան, Յորդանան, Սուրիա եւ Հնդկաստան:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Իրաք, Չինաստան, Քաթար եւ Ֆիլիփեան կղզիներ:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Ղազախստան, Լիբանան, Հարաւային Քորէա եւ Նոր Զելանտա:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Ճափոն, Հոնկ Քոնկ, Թայփէ եւ Աւստրալիա:


