Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փորթանթինօ Եւ Ուիլք Թուրքիայէն Ներդրումները Քաշող Բանաձեւը Վաւերացնելու Կոչ Կ՛ուղղեն Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին

July 3, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք երեքշաբթի, 27 յունիսին նամակ մը յղած են Ծերակոյտի իրենց պաշտօնակիցներուն` կոչ ուղղելով անոնց, որ ապահովեն նահանգային խորհրդարանին կողմէ արդէն իսկ վաւերացուած  թիւ 1597 բանաձեւին վաւերացումը նահանգային Ծերակոյտին կողմէ:

Փորթանթինօ եւ Ուիլք գրած են, որ Թուրքիա Քալիֆորնիոյ կատարած ներդրումներէն յատկանշական շահեր կ՛ապահովէ` նոյն ժամանակ շարունակելով ուրանալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ուրացման ջանքերուն առնուազն մէկ մասը հովանաւորելով նշեալ ներդրումներուն շահերով:

Անոնք շեշտած են, թէ նման ներդրումներ խոտոր կը համեմատին Քալիֆորնիոյ արժէքներուն, յատկապէս երբ նկատի առնուի այն իրողութիւնը, որ նահանգը յառաջատար տեղ կը գրաւէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն մէջ:

Նահանգային խորհրդարանին կողմէ 1 յունիսին վաւերացուած բանաձեւը, որուն հեղինակը խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանն էր, կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները դուրս բերել Թուրքիայէն` իբրեւ հակազդեցութիւն Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ CalSTRS) որեւէ՛ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող, անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ առնչուող տնտեսական ձեռնարկութեանց մէջ: Ներկայիս, այդ ներդրումներուն գումարը մօտաւորապէս 500 միլիոն տոլար է:

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ 10 քոնկրեսականներ եւս նման կոչով նամակ մը յղած էին նահանգային Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն Տէ Լէոնին:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ սկսած այս արշաւը կը ջատագովուի նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ:

 

 

Նախորդը

Պասիլ Այցելեց Ժեզզին Եւ Բացումը Կատարեց Ժիէի Ելեկտրականութեան Նոր Ընկերութեան

Յաջորդը

Նախարար Մինասեան Ներկայացուցած Է Բնապահպանութեան Մարզի Բարեփոխումներու Հիմնական Թիրախները

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.