Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան. «Առանց Արցախի Հանրապետութեան Մասնակցութեան, Որեւէ Համաձայնագիր Պիտի Չստորագրուի»

July 1, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ Ագգային ժողովին մէջ մասնակցած էր 2016-ի պիւտճէի կատարողականի քննարկումներուն:

Հաւանական է, որ յուլիսին տեղի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում: Երէկ խորհրդարանին մէջ, պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, ըսաւ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

«Ծառուկեան» խմբակցութենէն Արարատ Զուրաբեան արտաքին գործոց նախարարին հարցում ուղղեց, որ արդեօք ջանքեր կը գործադրուի՞ն` Ղարաբաղը դարձեալ բանակցային կողմ դարձնելու համար:

Նախարար Էդուարդ նալբանդեան պատասխանեց, թէ բանակցուող բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ նշուած է, որ չի կրնար վերջնական համաձայնութիւն գոյանալ առանց Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութեան: «Ամբողջ պատասխանատուութեամբ կ՛ըսեմ` բոլոր աշխատանքային փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք կը պահուին Վիեննայի ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր գրասենեակին մէջ, ինչ որ առաջարկուած է եռանախագահներուն կողմէ եւ ինչ որ բանակցուած ու տեղ գտած է այդ փաստաթուղթերուն մէջ, բոլորին մէջ ըսուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները պէտք է մասնակցին խաղաղութեան բուն համաձայնագիրի մշակման հոլովոյթին եւ բանակցութիւններուն` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ եռանախագահող երկիրներու միջնորդութեամբ:

Ասիկա հաստատուած է, առանց այդ սկզբունքին որեւէ համաձայնագիր պիտի չկնքուի, անկարելի է առանց Ղարաբաղին որեւէ համաձայնութեան գալ», ըսաւ նախարար Նալբանդեան` աւելցնելով, որ Վիեննայի մէջ պահուող` տակաւին գաղտնի նկատուող այդ փաստաթուղթերը օր մը կը հրապարակուին:

 

Նախորդը

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Պրիւքսէլի Մէջ Մասնակցած Է Աֆղանիստանի Հարցով ՕԹԱՆ-ի Նիստին

Յաջորդը

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Գ. -Պետականակերտ Սերունդի Սփիւռքեան Ժամանակահատուածը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.