Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Պրիւքսէլի Մէջ Մասնակցած Է Աֆղանիստանի Հարցով ՕԹԱՆ-ի Նիստին

July 1, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 29 յունիս 2017-ին մասնակցած է Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարած «Վճռական աջակցութիւն» գործողութեան մասնակից պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու նիստին, որ տեղի ունեցած է Պրիւքսէլի մէջ:

Նիստին ընթացքին Սարգսեան հանդէս եկած է ելոյթով` իր գործընկերներուն ներկայացնելով Աֆղանիստանի եւ ընդհանրապէս լայն շրջանի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման Հայաստանի մօտեցումներն ու տեսլականը, ինչպէս նաեւ առաջարկելով որոշակի լուծումներ` առկայ խնդիրներու պաշտպանական բաղադրիչի շրջագիծին մէջ: Նիստի հիմնական արդիւնքները լրատուամիջոցներուն ներկայացուցած էր ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, նիստի աւարտէն ետք ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմիոլլըրի հետ երկկողմանի հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ՕԹԱՆ-ի հետ Հայաստանի համագործակցութեան ընթացքն ու ապագայ ծրագիրները: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ համաշխարհային եւ շրջանային ավտանգութեան հարցերուն, ներկայացուած է Հայաստանի մէջ ընթացող պաշտպանական բարեփոխումներու շրջանակը, տեսակէտներ փոխանակուած են անոնց իրականացման գործին մէջ ՕԹԱՆ-ի օժանդակութեան կարելիութիւններուն եւ ձեւաչափին վերաբերեալ:

Պրիւքսէլի այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է նաեւ Եւրոպական Միութեան ռազմական կոմիտէի նախագահ, բանակի հրամանատար Միխայիլ Քոսթարաքոսի հետ: Քննարկուած են Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան զինուորական օղակներուն միջեւ համագործակցութեան հաստատման կարելիութիւնն ու հեռանկարները:

Քաղաքացիական հասարակութեան հետ համագործակցութեան շրջագիծին մէջ նախարար Վիգէն Սարգսեան Քառնեկի հիմնադրամի եւրոպական մասնաճիւղին մէջ հանդիպում ունեցած է շարք մը միջազգային հետազօտական կեդրոններու փորձագիտական անձնակազմին հետ: Քննարկուած են շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Նախարարը պատասխանած է փորձագէտներու հարցումներուն, ինչպէս նաեւ ծանօթացած է անոնց կողմէ իրականացուած վերջին հետազօտութիւններու եւ վերլուծութիւններու արդիւնքներուն:

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Լափշինի Դէմ Դատը

Յաջորդը

Նալբանդեան. «Առանց Արցախի Հանրապետութեան Մասնակցութեան, Որեւէ Համաձայնագիր Պիտի Չստորագրուի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.