Ինչպէս ծանօթ է, երեքշաբթի, 4 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ռիտա Անթարի հրաժեշտի մրցումը:
Այս կարեւոր մրցումին առիթով Լիբանան պիտի այցելեն Պարսելոնայի այժմու խումբին մաս կազմող երեք անուանի ֆութպոլիստները Ժերար Փիքէ, Սերճիօ Պուսքեթց եւ Եորտի Ալպա:
Վերոնշեալ երեք մարզիկները Լիբանան պիտի այցելեն երկուշաբթի, 3 յուլիսի երեկոյեան, վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ անոնց տրամադրուած յատուկ օդանաւով մը, որ մարզիկները Սպանիայէն պիտի բերէ Պէյրութի միջազգային օդակայան:
Լիբանան այցելութենէն ետք 3 մարզիկները վարչապետ Հարիրիի ընթրիքի հիւրը պիտի ըլլան վարչապետարանին մէջ:
Երեքշաբթի օր անոնք ներկայ պիտի ըլլան Լիբանանի մէջ Պարսելոնայի ակադեմիայի հիմնարկէքի արարողութեան:
Ապա անոնք պիտի ուղղուին «Սիթի Սենթըր»-ի վաճառատուն, ուր պիտի տան մամլոյ ասուլիս մը եւ պիտի տեսակցին լիբանանեան ֆութպոլի հասարակութեան հետ, նախքան Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտ ուղղուիլը:



