Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղափարական Հարցեր. Սպանիոյ Յոյսը

June 29, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փետրօ Սանչեզ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

21 մայիս 2017-ին տեղի ունեցան Սպանիոյ Ընկերվար աշխատաւորներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւնները. այդ պաշտօնին գլխաւոր երեք թեկնածուներն էին` Անտալուսիոյ նախագահ Սուսանա Տիազ, պասքերու երկրի նախկին նախագահ Փաթչի Լոփեզ եւ խորհրդարանի անդամ Փետրօ Սանչեզ:

Ընտրութիւններուն յայտնի էր գաղափարական մօտեցումներու եւ քաղաքական կեցուածքներու տարբերութիւնը կուսակցութեան երկու հիմնական թեկնածուներուն` Տիազի եւ Սանչեզի միջեւ. մինչ առաջինը կը հետեւէր կեդրոնամէտ երրորդ ուղիի հոսանքին եւ դէմ էր համագործակցելու նորաստեղծ ձախակողմեան դաշինքին` «Միասնաբար մենք կրնանք»-ին եւ այլ փոքր ձախակողմեան կուսակցութիւններու հետ, անդին` Սանչեզ կը հետեւէր ձախ հոսանքին եւ շատոնց նպատակ ունէր համագործակցիլ ու լեզու գտնել Սպանիոյ մէջ գտնուող զանազան ձախ ուժերու հետ:

Նախնական ընտրութիւնները, որոնք տեղի ունեցան 21 մայիսին, վերջնականապէս վճռեցին կուսակցութեան վերադարձը դէպի իր ընկերվարական արմատները. Սանչեզը ապահովեց Սպանիոյ Ընկերվար աշխատաւորներու կուսակցութեան Շրջանային ժողովին մասնակից ընտրողներու ձայներուն 50,26 առ հարիւրը, իսկ Տիազը` 39,90 առ հարիւրը, մինչ Լոփեզը` մնացեալ 9,84 առ հարիւրը:

Երեքն ալ միասին որակաւորուեցան կուսակցութեան 39-րդ Ընդհանուր ժողովին, որ տեղի ունեցաւ 16 յունիսին եւ իր աշխատանքները աւարտեց 18 յունիսին` «Մենք ենք ձախը» նշանաբանին ներքեւ:

Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւող թեկնածուները քաշուեցան Ընդհանուր ժողովին տեղի ունեցած վերջնական փուլի ընտրութիւններէն, եւ 674 ժողովականները բոլորն ալ քուէարկեցին Սանչեզի օգտին:

«Մենք մոռցած ենք, թէ մենք ո՛վ ենք», ժողովական բազմութեան յայտարարեց 45 տարեկան երիտասարդ հոգի ունեցող քաղաքական գործիչ Փետրօ Սանչեզ եւ շարունակեց. «Սպանիոյ Ընկերվար աշխատաւորներու կուսակցութիւնը է՛ր եւ պիտի մնայ փոփոխութեան առաջնորդը»:

Սանչեզ շեշտեց միացեալ ձախակողմեան ճակատ կազմելու անհրաժեշտութիւնը` նպատակ ունենալով վերջ դնել կառավարութիւն կազմող «Ժողովուրդի կուսակցութիւն»-ի նոր ազատական տնտեսական եւ ընկերային պահպանողական քաղաքականութիւններուն: Ան վերջաւորութեան բարձր գնահատեց սպանական հասարակական կեանքին մէջ գտնուող բազմազգ դրուածքը եւ առաջարկեց սպանական իշխանութիւններուն, որ լսեն Քաթալոնիոյ հանրութեան մէջ յառաջացած բողոքի ձայները եւ լուծումներ գտնեն անոնց հարցերուն, ներառեալ` անոնց մնալը սպանական պետութեան մէջ:

Սպանիոյ մէջ ապրող զանազան ազգերու ձայնը լսելը եւ ձախակողմեան ուժերուն հետ համագործակցութեան եզրեր գտնելը նոր դռներ կը բանան ընկերվարականներուն առջեւ, որպէսզի ապագային զանոնք ներկայացնող կուսակցութիւնը դառնայ փոփոխութիւն յառաջացնող կառավարիչ ուժը:

 

Նախորդը

Իրի Մը Պատմութիւնը. Չարենցի Վերջին Նուէրը

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Տնօրէն Յակոբ Հանտեանին Եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Տնօրէն Վահրամ Էմմիեանին Հետ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.