Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԵՒ ՀԵՏԵՒՈՂ ԴԻՊԱՇԱՐԸ

October 22, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին օրերուն հայաստանեան լրատուամիջոցները բաւական լայն տեղ տրամադրած էին համաձայնական կառավարութեան փլուզման, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) յուշագրային պայմանաւորուածութենէն դուրս գալուն, խորհրդարանական ընտրութիւններուն այդ կուսակցութեան առանձին ցուցակներով մասնակցելուն եւ ի վերջոյ նոյն այդ կուսակցութեան կողմէ գործող նախագահին թեկնածութիւնը չպաշտպանելու հաւանականութիւններուն մասին:

Գերաշխուժ վիճակ կայ այս ուղղութեամբ թէ՛ լրագրական եւ թէ՛ քաղաքական շրջանակներուն մօտ: Մինչ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պաշտօնական ներկայացուցիչները կը շարունակեն զուսպ պահուածքով արտայայտուիլ այս իրարանցումին մասին, այսուհանդերձ յստակօրէն չկողմնորոշելով նաեւ հանրային կարծիքը: Ուրեմն մշուշը այս բոլորին վրայ կը շարունակէ յամենալ` չհեռացնելով կրակը արդէն իսկ շիկացած ու լարուած դաշտէն: Այս բոլորը յայտնաբար կապուած են ոչ անպայման ԲՀԿ-ի որդեգրելիք դիրքին, որքան զայն ցուցանիշ նկատելով Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահի քաղաքական դաշտ վերադառնալու կարելիութեան հետ:

Չմոռնանք, որ Ռուսիոյ այսօրուան վարչապետ եւ վաղուան վերանախագահ Փութինի թեկնածու առաջադրումով նմանատիպ քննարկումներ լայնածաւալ տարողութիւն ստացան հայաստանեան լրատուադաշտին մէջ` բեմագրութեան կրկնումը նախատեսելով մեր երկրին համար:

Կը սպասուէր, որ հինգշաբթի օր յստակացում գար տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններուն: Չեղաւ: Հակառակ որ ՀՀԿ-ի գործադիր խորհուրդը գումարեց իր հերթական նիստը, ա՛յս հարցին առնչութեամբ հակասական տեսակէտներ եւ նախատեսութիւններ հնչեցին ՀՀԿ-ի բարձրաստիճան  պաշտօնեաներուն կողմէ: Երկուստեք դրսեւորուող զսպուածութիւնը, յստակացումի ուշացումը, տիրող անորոշութիւնը, երեւցող հակասութիւնները ցոյց կու տան, որ մինչ այժմ կը բացակայի դիրքորոշումը: Համաձայնական յուշագիրը կը մնա՞յ ի զօրու, թէ՞ ոչ, յայտնաբար կանխահաս է այդ մասին վճռահատում կատարելը: Տեսականօրէն կայ ի հարկէ երեւոյթները բացատրելու երկրորդ տարբերակը, որ կը թուի նուազ հաւանականութիւն ունենալ: Թէ` երկկողմ լուռ համաձայնութիւն կայ նման լարուածութիւն բեմադրելու, ի վերջոյ յուշագիրը անխախտ պահելու եւ վերստին միաւորուելու գործող նախագահի թեկնածութեան շուրջ: Նուազ հաւանականութիւնը ոչ անպայման դէպքերու աւարտին մասին է, այլ` ենթադրեալ լուռ համաձայնութեան:

Պարզ է, որ այս բոլորին արտաքին հանգամանքը ՀԱՔ-ի երեւոյթն է կամ առաջին նախագահին վայելած այսօրուան վարկին եւ հեղինակութեան աստիճանական նուազումը: Եթէ մէկ կողմէ արեւմտեան քաղաքականութիւնը այսօր իշխանութեան դիրքերու վրայ գործողները համեմատաբար ընկալելի կը նկատէ, միւս կողմէ` ՀԱՔ-համաձայնական դաշինք երկխօսութիւնը յստակ ճեղքեր յառաջացուցած է առաջին նախագահի անմիջական շրջանակին, եւ առ այդ` հետեւող զանգուածներուն մէջ: Յստակ է միանգամայն, որ Տէր Պետրոսեան չի վայելեր նախկին հեղինակութիւնը:

Երկրորդ նախագահին վերադարձի որոշումը սակայն կրնայ վերաթարմացնել ՀԱՔ-ի ուժերը եւ այդպիսով վերաբաշխել ներհայաստանեան քաղաքական դաշտի խաղաքարտերը` ձեւաւորելով նոր հասկացողութիւններ, նոր համաձայնութիւններ, ընտրական նոր դաշինքներ նոյնիսկ:

Նուրբ հաշուարկներու ժամանակաշրջան է յայտնապէս: Տէր Պետրոսեան տատանումներու մէջ է` արմատական կամ երկխօսութեան դիմագիծերու յարափոփոխութեամբ, Քոչարեան տակաւին չէ որոշած կամ առնուազն չէ բացայայտած իր վերադառնալու կամ չվերադառնալու որոշումը, մինչ անորոշութիւնը կը շարունակուի համաձայնական յուշագիրը ի զօրու պահելու առումով:

Ընտրական հանգրուաններու նախասեմը յատկանշող այս իրավիճակին վրայէն մշուշը պիտի փարատի ի վերջոյ: Հարցերը փոխկապակցուած են եւ հանգուցալուծման առաջին քայլին կրնան շատ արագ հետեւիլ յաջորդները: Իսկ եթէ չկայ այդ որոշումը, կացութիւնը պարզապէս կը մնայ ընդհանուր առմամբ նոյնը: Բուն որոշումը երկրորդ նախագահին վերապահուած է: Մնացեալները հետեւող դիպաշարի բաժիններ են:

«Ա.»

Նախորդը

ՄԱԿ-Ի ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Յաջորդը

ԱԿՆԱՐԿ. ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԵՒ ՀԵՏԵՒՈՂ ԴԻՊԱՇԱՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.