Եւրոպայի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ֆլորենթինօ Փերես մինչեւ 2021 պիտի մնայ ակումբի նախագահ` նկատի ունենալով, որ այդ պաշտօնին թեկնածու առաջադրելու վերջին օրը` կիրակի, 18 յունիսին անկէ բացի որեւէ այլ անհատ իր թեկնածութիւնը չառաջադրեց:
Նշենք, որ այսպիսով երրորդ նստաշրջանի մը համար Փերես պիտի ըլլայ նախագահ:
Փերես, որ այս տարի կ՛ըլլայ 70 տարեկան, հինգերորդ անգամ ըլլալով կը ստանձնէ նախագահի պաշտօնը (առաջինը` 2000-ին):



