Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարէն Քուէյթ Ուղղուելէ Ետք. Չաւուշօղլու Այսօր Կ՛այցելէ Սէուտական Արաբիա

June 16, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ այսօր պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա` ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորի հրաւէրին: Թագաւորին հետ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մեքքայի մէջ:

Չաւուշօղլու Տոհայի մէջ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք եւ Քուէյթ ուղղուելէն առաջ յայտնեց, որ Քուէյթի մէջ պիտի քննարկէ քաթարեան տագնապը` նշելով, որ այդ առնչութեամբ քննարկումներ կատարած է քաթարցի պաշտօնատարներու հետ եւ տագնապի լուծման վերաբերեալ տեսակէտներու փոխանակում կատարած:

Թուրք նախարարը յայտնեց, որ պէտք է տագնապը շրջանցել երկխօսութեան ճամբով եւ խաղաղութեամբ` նշելով, որ Թուրքիան մասնակից է տագնապի լուծումի որոնումին` աւելցնելով, որ Թուրքիա կը հետեւի կացութեան, իր տեսակէտները կը յայտնէ բոլորին, կը ճշդէ գործուած սխալները եւ անոնց մասին յայտարարութիւններ կը կատարէ:

Քուրթուլմուշ.«Քաթարի Մէջ Թրքական Ռազմակայանին Նպատակը
Ծոցի Երկիրներու Պաշտպանողական Կարողութեան Յաւելումն Է»

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց. «Քաթարի մէջ թրքական ռազմակայանը միայն Քաթարի համար չէ, այլեւ անոր նպատակը Ծոցի շրջանի բոլոր երկիրներու պաշտպանողական կարողութեան յաւելումն է»:

«Ճիշդ կ՛ըլլայ զայն նկատել շրջանային պաշտպանութեան ռազմակայան մը, եւ մեր նպատակը շրջանին մէջ յաւելեալ զինուորներ տեղակայելը չէ, այլ` յաւելեալ քաղաքականութիւններու մշակումով խնդիրներու լուծումը», ըսաւ ան:

Քուրթուլմուշ դրուատեց վերջին շրջանին իր երկրին եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւնները` նշելով, որ անոնք դրական մարզի մէջ կ՛ընթանան:

Նշենք, որ քաթարեան լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթար «Էֆ-15» օդանաւեր գնելու առնչութեամբ 12 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնութիւն մը ստորագրած է: «Պլումպերկ» նախապէս հաղորդած էր, որ խօսքը Միացեալ Նահանգներէն 36 «Էֆ-15»-երու մասին է:

Միացեալ Նահանգներ նոյեմբեր 2016-ին համամիտ գտնուած էին Քաթարին 21,1 միլիառ տոլար արժողութեամբ 72 «Էֆ-15 Քիու.Ուայ» տիպի օդանաւեր ծախելու:

 

Նախորդը

Ըստ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին. «Այլ Երկիր Մը Պիտի Ենթարկուի Քաթարի Ճակատագիրին»

Յաջորդը

«Կիպրոս Գտնուող Թրքական Բանակը Շրջանային Խաղաղութեան Ու Կայունութեան Սպառնալիք Է» Կ՛ըսէ Սիլուրիս

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.