Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Ջանանք Քաթարի Եւ Ծոցի Երկիրներուն Միջեւ Տագնապին Լուծում Մը Գտնել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

June 15, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայէն «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Կը ջանանք Քաթարի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապին լուծում մը գտնել»:

«Քաթար եղբայրական երկիր մըն է, իսկ քաթարցիները մեր եղբայրներն են, եւ մենք այստեղ ենք զօրակցելու անոնց», ըսաւ Չաւուշօղլու` նշելով. «Քաթարի կողքին մեր կանգնիլը չի նշանակեր, որ ոեւէ մէկուն դէմ ենք կամ կողմերէն մէկը ընտրած ենք»:

«Քաթար հակառակ իր ուժեղ դիրքին մագլցումի չդիմելուն համար բոլորի յարգանքին արժանի եղաւ», նշեց Չաւուշօղլու:

Նախքան այդ` Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ մտադիր է այցելել Քաթար եւ եթէ կարելի ըլլայ այդտեղէն անցնիլ Սէուտական Արաբիա:

Ան նշեց, թէ քաթարեան տագնապը, որ յառաջացած է արաբական կարգ մը երկիրներու Քաթարի դէմ հաստատած պատժամիջոցներուն պատճառով, անլուծելի հարց մը չէ:

«Մարդոց հիմնական կարիքները հարուածած որոշումները ռամատանին յայտարարելը, անկախ անոնց գործադրութենէն, նեղացուց բոլորը», նշեց Չաւուշօղլու` աւելցնելով. «Ներկայ խնդիրը լուծելու առաջարկներ ունինք, սակայն պէտք է Քաթարին ուղղուած ամբաստանութիւններուն յետին նպատակը տեսնենք ամբողջութեամբ»:

«Քուէյթի շէյխ Ահմետ Ժապեր Սուպահ իշխանը տագնապին առնչակից չորս երկիրները այցելեց եւ անոնց յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները, սակայն շօշափելի որեւէ առաջարկ կամ տագնապի լուծման կերպ չտեսանք», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Նախորդը

Ըստ Ուաշինկթընի Մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանին. Մօտ Օրէն Ուաշինկթընի Ճամբով Պահանջներու Ցանկ Մը Պիտի Յանձնուի Քաթարին

Յաջորդը

Լոնտոնի Մէջ. Բնակարանային Աշտարակի Մը Մէջ Մեծ Հրդեհ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.