Ուաշինկթընի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Եուսեֆ Աթէյպա յայտնեց, որ Քաթարին դէմ որեւէ զինուորական միջոցառում պիտի չորդեգրուի:
«Մեր կատարածին մէջ երբեք զինուորական երես չկայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Գոյութիւն ունի Քաթարին ուղղուած յստակ պահանջներու ցանկ մը, որ մօտ օրէն Միացեալ Նահանգներու ճամբով պիտի ներկայացուի Քաթարի»:
«Եթէ քաղաքականութեան փոփոխութիւն կամ քաղաքականութեան փոփոխութեան առաջնորդող բանակցութիւններ չըլլան, հաւանական է, որ Քաթարի դէմ տնտեսական ճնշումները աւելնան», ըսաւ ան:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանը նաեւ յայտնեց. «Ամերիկային երաշխիքներ ներկայացուցինք, որ Քաթարի դէմ որդեգրուած միջոցառումները պիտի չազդեն Ատիտի ռազմակայանին վրայ»:
Նշենք, որ Քաթարի Ատիտ շրջանին մէջ կը գտնուի ամերիկեան բանակի մեծ ռազմակայան մը:



