Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աւրորա»-ն Նախանձ Կը Գրգռէ…

June 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կիրակի, 28 մայիսին, Հայաստանէն ուղղակի հեռասփռուեցաւ «Աւրորա» մրցանակի բաշխումի հանդէսը, որ իսկապէս ողջունելու եւ գովասանքի արժանի նախաձեռնութիւն մըն է եւ Հայաստանն ու իր մշակոյթը, բառին ամէնէն լայն իմաստով, կը բերէ միջազգային լուսարձակի տակ, ցոյց կու տայ, թէ Հայաստանն ու հայը, հայրենի ու սփիւռքեան կէսերով սքանչելի ամբողջութիւն մը կը մարմնաւորեն, գործնական հրաւէր մը կ՛ուղղեն մարդկութեան, որպէսզի արթնութիւն ցուցաբերէ աշխարհատարած անմարդկայնութեանց դէմ, նաեւ մարդասիրական առաքելութիւններու լծուած եւ լուսարձակներէ հեռու մնացող նուիրեալներ պատիւի ու յարգանքի արժանացնէ:

«Աւրորա»-ն ծնունդ առաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, անիկա մտայղացումն էր սփիւռքահայ մտաւորականներու եւ բարերարներու, որոնց նախաձեռնութեան ընդառաջեցին Հայաստանի իշխանութիւնն ու միջազգային ճանաչում ունեցող դէմքեր: Անոնք, որոնք առիթը ունեցան հետեւելու կիրակիի հեռասփռումին, վստահաբար չափսոսացին, որ անիկա տեղի կ՛ունենար Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան տարեդարձի օրը, որովհետեւ մայիս 28-ն ու Սարդարապատը իրենց տեղը ունեցան բեմէն լսուող արտայայտութիւններուն մէջ:

Պէտք չէ անտեսել դրօշակիրի հանգամանք ունեցող այս նախաձեռնութեան քաղաքական երեսը (եթէ պահ մը մէկդի ձգենք անշրջահայեացութեան մը պարագան), մանաւանդ այս օրերուն, երբ մեր ձայնը կը միացնենք Թուրքիոյ անմարդկային դիմագիծը արար աշխարհին ցուցադրողներուն, մասնաւորաբար` նախագահ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան առիթով անոր թիկնապահներուն գործած վայրագութեանց լոյսին տակ: Մարդասիրութեամբ լեցուած ու աշխարհի տարածքին վայրագութեան ալիքները դատապարտող ոեւէ ժողովուրդ վստահաբա՛ր բարի նախանձով պիտի դիտէ հայկական այս նախաձեռնութիւնը:

***

Խօսելով նախանձի մասին` կարելի է երեւակայել, որ… Թուրքիոյ իշխանաւորներն ալ նախանձով կը դիտեն այս մրցանակը:

Եթէ չեն ուզեր մեզմէ ետ մնալ աշխարհի բեմին վրայ, կրնան դիմել իրե՛նց հասկցած ձեւով մրցանակի մը հաստատման: Օրինակ, հաստատել Ճենկիզ խանի անունով մրցանակ մը եւ ամէն շաբաթ զայն շնորհել աշխարհի տարածքին ամէնէն դատապարտելի ոճիրները գործողներուն, որոնց ներշնչման գլխաւոր աղբիւրը նոյնինքն բռնատիրական Թուրքիան է:

Եւ որքա՜ն մեծ պիտի ըլլայ շարք բռնողներուն թիւը` սկսելով նոյնինքն Էրտողանի թիկնապահներէն, հասնելով եւրոպական քաղաքներու անմեղ բնակիչները ահաբեկողներուն ու Իրաքէն Սուրիա, Եգիպտոս ու այլուր նախճիրներ գործողներուն:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Պասքեթպոլէն Անդին

Յաջորդը

Լիբանանահայ Ուսանող Անդրանիկ Սեֆիլեանը Արժանացած Է «Կէյց Քեմպրիճ» Կրթաթոշակին, Ան Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Առաջին Կրթաթոշակառուն Է Եւ Պիտի Մասնագիտանայ Աստղաբնագիտութեան Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.