Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան օրուան առիթով արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ ան կ՛անդրադառնայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:
Ուղերձին մէջ կը նշուի, որ երկու երկիրները սերտ գործընկերութիւն ունին` «հիմնուած ուժանիւթի եւ անվտանգութեան հարցերով երկար տարիներէ ի վեր տարուող համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական սկզբունքներու վերաբերեալ երկխօսութեան վրայ»:
«Միացեալ Նահանգներ կը խրախուսեն ջանքերը կառուցելու աւելի անվտանգ եւ բարգաւաճ երկիր մը, որ կը յարգէ իր ժողովուրդին հիմնարար ազատութիւնները: Մենք նաեւ յանձնառու կը մնանք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման», ըսուած է ուղերձին մէջ:



