Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 29-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն Ալաշկերտ, 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շիրակ Գիւմրիի, պահպանեց Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը:
Ախոյեանութեան աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ, Ալաշկերտ, ապահովելով 61 կէտ եւ 5 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Գանձասար-Կապանի վրայ, յաջողեցաւ տիտղոսը պահել իր մօտ:
Գանձասար-Կապան, առաջին անգամն ըլլալով հանդիսացաւ փոխախոյեան, մինչ Շիրակ գրաւեց երրորդ դիրքը` 52 կէտով:
Փիւնիկ 42 կէտով հանդիսացաւ 4-րդ, Բանանց` 5-րդ (21 կէտով), իսկ Արարատ գրաւեց 6-րդ եւ վերջին դիրքը (12 կէտով):



