
Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ֆորմիւլա-1-ի 2017-ի աշխարհի ախոյեանութեան` Մոնաքոյի կրան փրի-ն Ֆրանսայի մէջ (ընդամէնը` 78 լեփ):
Ծանօթ է արդէն, որ այս կրան փրի-ն իր տեսակին մէջ իւրայատուկ է` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛անցնի իշխանապետական քաղաքին նեղ եւ դարձդարձիկ ճամբաներուն եւ բնակարաններուն, խանութներուն եւ նաւահանգիստին քովերէն:
16 տարուան քիչ մը երկար բացակայութենէ ետք, ի վերջոյ Ֆերարի յաջողեցաւ գրաւել առաջին դիրքը, շնորհիւ իր գերմանացի վարորդին` Սեպասթիան Վեթելի, որ արձանագրեց 1 ժամ 44՛ 44 արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակիցը` ֆինլանտացի Քիմի Ռայքոնըն (3՛՛ 145 ուշ), իսկ երրորդ դիրքը Ռետ Պուլի աւստրալիացի վարորդ Տանիել Ռիքիարտօ (3՛՛ 745 ուշ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք այժմ Վեթել կը գրաւէ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը (129 կէտ), մինչ անոր ետին է Մերսետեսի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն (104 կէտ):
Իսկ խումբերու ընդհանուր դասաւորման մէջ Ֆերարի ունի 196 կէտ, մինչեւ Մերսետես` 179:


