
«Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցած ութ մրցումներէն վեցին յաղթանակներ արձանագրուեցան, մինչ մնացեալ երկու մրցումները վերջ գտան հաւասարութեամբ:
Մեծագոյն յաղթականը հանդիսացաւ Չելսի, որ 5-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Կենքը: Այդ հինգ կոլերէն երկուքը նշանակեց Ֆեռնանտօ Թորես (11րդ եւ 27-րդ):
Պարսելոնա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Վիքթորիա Փլզենի` շնորհիւ Անտրես Ինիեսթայի (10-րդ) եւ Տաւիտ Վիյայի (82-րդ) նշանակած կոլերուն:
Արսենալ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մարսէյի դաշտէն` շնորհիւ Ռամսիի նշանակած վերջին վայրկեանի կոլին:
Պայէր Լեւերքուզըն 2-1 արդիւնքով յաղթեց Վալենսիայի, հակառակ անոր որ սպանական կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը (24-րդ): Պայէր Բ. կիսախաղին նշանակեց իր երկու կոլերը (52-րդ եւ 56-րդ):
Գերմանիոյ ախոյեան Պորուսիա Տորթմունտ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Օլիմփիաքոսէն:
Յաղթանակ արձանագրող վեցերորդ խումբը հանդիսացաւ Ա. Սէ. Միլան, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց ՊԱԹԷ Պորիսովի` շնորհիւ Իպրահիմովիչի (33-րդ) եւ Պոաթենկի (70-րդ) նշանակած կոլերուն:
Վերջապէս, Փորթօ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ԱՓՈՅԵԼ Նիկոսիայի հետ, իսկ Շախտիոր Տոնեցք` Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի հետ (2-2):


