Ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ին, Այնճարի մէջ տօնական մթնոլորտ տիրեց մայիս 28-ի առիթով` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտներուն եւ շեփորախումբին:
ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտները եւ շեփորախումբը Այնճարի մէջ տողանցելէ ետք ուղղուեցան դէպի ՀՄԸՄ-ի նորակառոյց մարզադաշտը:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Յովիկ Ադամեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Մայիս ամիսը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ընդհանրապէս եղած է յոյսի եւ յաղթանակի ամիս: 28 մայիս 1918-ին Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութիւնը կը հանդիսանայ յոյսի մեր երթի գլխաւոր հանգրուանը»: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ «բոլորս ըլլանք անկախութեան զինուորներ` մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ` ոչինչ ակնկալելով ուրիշէն, նախ պէտք է ըլլանք անկախ իբրեւ մարդ անհատ եւ ապա իբրեւ հայ, չխաբուինք մեզի հրամցուած ժամանակաւոր փառքերէն եւ հաճոյքներէն, գործենք անկաշառ մտածողութեամբ, որպէսզի մնանք իսկական ու հարազատ պաշտպանները վաղը ծնելիք ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի»:
Բացման խօսքէն ետք ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտները ներկայացուցին մայիս 28-ը խորհրդանշող յատուկ կենդանի պատկեր մը, որմէ ետք օրուան պատգամը ուղղեց Յակոբ Քէշիշեան: Ան ըսաւ. «Հայոց պատմութեան մէջ անկիւնադարձային թուական մըն է ու, այդպէս պիտի մնայ 28 մայիս 1918-ն, երբ Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի եւ Սարդարապատի հերոսական մարտերէն ետք կը կերտուէր հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան առաջին անկախ հանրապետութիւնը: Մեծաթիւ թշնամին կը թակէր Երեւանի դռները: Ջարդի արհաւիրքէն նոր դուրս եկած եւ «Երեւանը չենք դատարկի» երդումը տուած հայ զինուորները «Ազատութիւն կամ մահ» գոռալով օրհասական կռիւ մը կը մղէին եւ պարտութեան կը մատնէին թրքական բանակն ու թուրք խուժանը»: Քէշիշեան աւելցուց, որ «Հայաստանի հողերուն մեծ մասը խլուած ըլլալով, հայկական առաջին հանրապետութիւնը թէեւ տարածքով փոքր էր, սակայն դարձաւ ամուր հիմնաքարը հայութեան գոյութեան մեծ ամրոցին: Ան աւարտեց իր խօսքը նշելով. «Բիւր յարգա՛նք 1918-ի բոլոր հերոսներուն ու նահատակներուն: Փա՛ռք ու պատի՛ւ Սարդարապատ կերտած եւ հայրենիքին անկախութիւնն ու պետականութիւնը ապահոված Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»:
Ապա ազգային եւ յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ Հրաչ Կայծակեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:







