Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հին Ու Նոր Յիշատակներու Վերապրում Մը

May 30, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 27 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայ աւետարանական քոլեճի անցնող յիսուն տարին» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը` հովանաւորութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութեան: Ցուցահանդէսը պատրաստած էր քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, իսկ յարդարումը կատարած էր Վազգէն Մուղալեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, որ ըսաւ, թէ վաւերագրական ցուցահանդէսը պատրաստած է իր տնօրէնութեան յիսնամեայ ծառայութեան (1967-2017) լրումին առիթով եւ կը միտի առաւելաբար լուսանկարներու մեծցուած կամ նոյն չափի պատճէններու ցուցադրութեամբ ցոյց տալ դպրոցի անցնող յիսուն տարիներու վարչական կառուցուածքը, կրթական կեանքը եւ դպրոցական գործունէութիւնները:

Ան նշեց, որ յաւակնութիւնը չունի ցուցադրուածը ներկայացնելու իբրեւ կատարեալ պատկերացում, այլ կարելիութեան սահմաններու եւ նկարներու տրամադրութեան ծիրին մէջ  աշխատելով պատկերացուցած է անցնող յիսուն տարիները: Ան յայտնեց նաեւ, որ լուսանկարներու եւ ցուցադրութեան դրուած բոլոր նիւթերու հաւաքումը անձամբ ինք կատարած է: Վաւերագրական ցուցահանդէսի գեղարուեստական դասաւորումը կը պարտի դպրոցի գեղարուեստական դասերու ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանին:

Սրահին մէջ բծախնդրութեամբ տեղադրուած էին պատկերներ, լուսանկարներ վարժարանի արտադպրոցական բացառիկ գործունէութիւններուն, շրջանաւարտ կարգերուն, դպրոց այցելած հիւրերուն եւ անոնց տպաւորութիւններուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին դպրոցին կրած վնասներուն, տոկալու կամքին,  դպրոցի գործունէութիւններուն մասին մամլոյ արձագանգներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ դպրոցի տարեգիրքերու` գրական հրատարակութիւններու նմուշներ, մարզական եւ այլ մրցանակներու բաժակներ եւ այլն:

Ցուցահանդէսը լաւագոյնս վկայեց տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին 50 տարուան բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքը` հսկայական արխիւներու մէկտեղման կարեւոր գործին մէջ: Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 10 յունիս:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նամականի

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Վաստակաւոր Տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի Տնօրէնութեան Յոբելենական Հանդիսութիւնը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.