Քաթարական ՔԱՆԱ պետական լրատու գործակալութեան կողմէ Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի մէկ յայտարարութեան հրապարակումէն ետք փոխադարձ ամբաստանութիւններու ալիք մը բարձրացաւ մէկ կողմէ սէուտական եւ էմիրաթական լրատուամիջոցներու, իսկ միւս կողմէ քաթարական լրատուամիջոցներու միջեւ:
Հարցը սկիզբ առաւ, երբ քաթարական լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց Քաթարի իշխանին վերագրուած յայտարարութիւն մը, որուն բովանդակութիւնը հրահրեց մեծ բանավէճ մը, որ շուտով մագլցում արձանագրեց: Քաթարցի պաշտօնատարներ հերքեցին, թէ այդ յայտարարութիւնը իսկապէս կը պատկանի իշխանին` նշելով, որ կայքահէններ ներթափանցած էին քաթարական լրատու գործակալութեան կայք, որ իրապէս ալ որոշ ատեն դադրած էր գործելէ: Գործակալութիւնը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած էր, որ առնչակից կողմերը այդ հարցին շուրջ հետաքննութիւն պիտի կատարեն եւ պատժեն արարքին պատասխանատուները:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները անմիջապէս արգիլեցին քաթարական «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին սփռումը, իսկ սէուտական լրատուամիջոցներ սկսան բուռն կերպով քննադատել Քաթարի իշխանին վերագրուած յայտարարութիւնը:
Ապա, քաթարական լրատու գործակալութիւնը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ նոր գրառում մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը հրամայած է Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի, Քուէյթի եւ Պահրէյնի մէջ իր դեսպանները տուն կանչել եւ Տոհայի մէջ նշեալ երկիրներու դեսպաններուն 24 ժամուան պայմանաժամ ճշդած է Քաթարէն հեռանալու: Սէուտական լրատուամիջոցներ անմիջապէս հակազդեցին: Սակայն քաթարական լրատուամիջոցները հերքեցին այդ լուրը` նշելով, որ քաթարական լրատու գործակալութեան «Թուիթըր»-ի էջը եւս ներթափանցումի ենթարկուած է: Հետագային այդ յայտարարութիւնը ջնջուեցաւ եւ անոր տեղ զետեղուեցաւ այլ յայտարարութիւն մը, թէ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը այդպիսի բան չէ ըսած եւ անոր խօսքերը «պարունակէն դուրս բերուած են»:
Քաթարի իշխանին վերագրուած յայտարարութեան համաձայն, ան նշած է. «Իրանը շրջանային ու իսլամական կշիռ մը ունի, որ կարելի չէ անտեսել, եւ անոր դէմ մագլցողական քայլերու դիմելը իմաստուն չէ»: Ան աւելցուցած է, որ Իրան «շրջանի կայունութիւնը երաշխաւորող մեծ տէրութիւն մըն է»` նշելով. «Քաթար Իրանի հետ համագործակցութեան նախանձախնդիր է մերձակայ երկիրներու կայունութեան համար»:
Ան յայտնած է, որ իր երկիրը յաջողած է նոյն ատեն Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ տոկուն յարաբերութիւններ հիմնել:
«Ոչ ոք իրաւունք ունի մեզ ահաբեկչական որակելու, որովհետեւ Իսլամ եղբայրները կը նկատէ ահաբեկչական կամ կը մերժէ Համասի եւ Հըզպալլայի դիմադրութեան դերը», ըսած է ան` Եգիպտոսին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Պահրէյնին կոչ ուղղելով վերատեսութեան ենթարկելու Քաթարի դէմ իրենց կեցուածքները` աւելցնելով, որ Քաթար չի միջամտեր որեւէ պետութեան ներքին հարցերուն, որքան ալ այդ պետութիւնը իր ժողովուրդը զրկէ իր ազատութենէն ու իրաւունքներէն:
Ան յայտնած է, թէ իր երկիրը «ահաբեկչութեան առնչելու, կայունութեան իրագործման անոր ջանքերը աղաւաղելու նպատակով անիրաւ արշաւները զուգադիպած են Միացեալ Նահանգներու նախագահին շրջան այցելութեան»:
Քաթարի իշխանին վերագրուած յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ «Իսրայէլի հետ մեր յարաբերութիւնները լաւ են»` նշելով. «Համաս շարժումը Պաղեստինի օրինական ներկայացուցիչն է»:



