Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քիչ Մը Երգիծանք. Թրամփ Հայկական Ծագում Ունի…

May 22, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

– Լսեցի՞ր. նախագահ Թրամփ հայկական ծագում ունի եղեր,- աւետեցի ընկերոջս:

– Ա՛տ ուրկէ հնարեցի՜ր… Ուրկէ՞ լսեցիր,- պատասխանեց արդար թերահաւատութեամբ:

– Ես չհնարեցի. եթէ սա` աւելի քան 100 օրերու «իրագործումներուն» նայիս, ամէն կասկած կը թռչի-կը չքանայ, վստահ կրնաս ըլլալ, որ ան մեր Ընկեր Փանջունիին թոռներէն մէկն է, առ նուազն անոր ընտանիքէն սերած է: Իսկ Փանջունին հայ էր, չէ՞…

Բաւականացաւ դառն ժպիտով մը ու նայեցաւ հարցական:

– Ո՛չ միայն Փանջունիին ժառանգորդն է,- շարունակեցի,- այլ կարծես թէ որոշած է զայն շուքի մէջ ձգել, որովհետեւ իր հրապարակ նետած իւրաքանչիւր նորութիւն նոր քանդում մըն է ու նոր աղէտ մը, մինչդեռ ինք այդ բոլորը առօք-փառօք մեզի կը հրամցնէ փոքրիկն Փանջունիին «շինեցի, հայրի՛կ» տրամաբանութեամբ:

Դառն ժպիտը քիչ մը աւելի լայնցաւ:

– Միայն այդ չէ. ես վստահ եմ, որ հակառակ իր բոլոր յայտարարութիւններուն ու յոխորտանքներուն` ան վճռած է հերոսի պատուանդանին բարձրացնել ձախաւեր Պարաք Օպաման:

– Ամէն օր Օպամայի ու անոր հաւանական ժառանգորդ Հիլըրիին դէմ կը խօսի, զանոնք պատէ պատ կը զարնէ. ասոր հերոսացնե՞լ կ՛ըսեն ձեր քաղաքին մէջ,- հարցուց քմծիծաղով:

– Հաւանաբար ինք չի գիտեր, չ՛անդրադառնար, որ իր ամէն մէկ քայլը` հրամանագիր, օրինագիծ կամ յայտարարութիւն, նպաստ կը բերէ Օպամայի հերոսացման,- բացատրեցի:

– Չհասկցա՛նք…,- ընդմիջեց կասկածանքով:

– Նայէ՛, ես թուեմ քանի մը հերոսութիւն, դուն դատէ ու մեկնաբանէ: Սկսինք նորագոյնէն. Ներկայացուցիչներու տան մէջ յաջողցուց «Օպամա քեր»-ը յետս կոչելու ծրագիրը, որ ի սկզբանէ աղէտալի դրութիւն մըն էր եւ օրին շաքարապատ թոյնի ձեւով ներկայացուեցաւ Օպամայի կողմէ` չարաշահութեանց դուռերը լայն բանալով ապահովագրութեան ու դեղերու-հիւանդանոցներու «ճարտարարուեստ»-ին առջեւ: Հիմա զայն ջնջելու ճամբան բանալով` մարդոց «երանի» ըսել կու տայ Օպամայի ձախաւեր օրինագիծին, որովհետեւ կիսամիջոցն ալ պիտի ջնջուի: Երկրորդ` Հիւսիսային Քորէայի դէմ պատերազմի թմբուկներ զարնելով` երկիրն ու աշխարհը կը տանի դէպի կորիզային պատերազմի մը ոլորտը, ու մենք երանի պիտի տանք Օպամայի օրերուն, երբ Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի, Լիպիոյ, Աֆղանիստանի ու այլ ռազմադաշտերու մէջ սահմանափակուած էինք աւանդական զէնքերով կոտորածներ կատարելով-քաջալերելով: Տակաւին, կենսոլորտը պատուհասող գործընթացները մերժողներ գործի բերելով, գիտնականներու հաստատումները «պարապ խօսք» հռչակելով ու քարիւղի նոր պեղումներու եւ խողովակաշարերու ծրագիրներ քաջալերելով` յաւելեալ պատուհասներու առիթ կը ստեղծէ: Դեռ կ՛ուզե՞ս, շարունակե՞մ…

Ու առանց պատասխանի սպասելու, «շնորհի հարուած» տալու պէս «կրակեցի».

– Տե՛ս. մարդը որոշեր է կրճատել հսկայական եկամուտ ունեցող ընկերութեանց ու մարդոց շահատուրքերը, իբր թէ քաղաքացիներուն տուրքերն ալ տանելի դարձնելու խոստումով, որ գործնապէս սահմանուած է թուղթի վրայ պահուելու: Պետական ու նիւթական լայն հնարաւորութիւններ ունեցող մարդոց ապահովագրութիւն կը տրամադրէ (իբրեւ յաւելում անցեալի մենաշնորհներուն)` ի հեճուկս սահմանափակ եկամուտով զանգուածին: Մեքսիքացիները ոճրագործ ու մաքսանենգ հռչակելը չէ՞ր բաւեր… Հիմա Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատ կառուցելու ծրագիրը սառեցուցած է, բայց չէ հրաժարած, ու եթէ իր պահանջին համաձայն, Մեքսիքա չվճարէ անոր գինը (Մեքսիքայի մէջ կարծես թէ աւելի խելացի մարդիկ կան), այդ ալ պիտի բարդէ մեր շահատուրքերուն վրայ:

Իսկ իսլամներուն, տարբեր գոյնի մարդ արարածներու, Իրանի, Ռուսիոյ ու Չինաստանի հանդէպ օր աւուր փոփոխուող արտայայտութիւննե՞րը… Զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ, զի անթիւ են ու անասելի չարիք նորա: Օպաման ալ այսպիսի բաներ կ՛ընէր, նախորդներն ալ, բայց հիմա ամէն սահման կը ջնջուի, անտրամաբանականը ինքզինք կը պարտադրէ իբրեւ «նոր տրամաբանութիւն», կ՛աշխատի անով վարակել ամբողջ աշխարհը` սկսելով զինակից-դաշնակիցներէն, Օպամայի չարիքները կը նսեմանան, ու ան այս ընթացքով պիտի բարձրանայ հերոսի պատուանդանին:

– Այս ըսածներդ պարապ բաներ են,- ընդմիջեց համբերութիւնը սպառածի շեշտով մը.- տե՛ս, եթէ ըսածիդ պէս հայկական ծագում ունեցած ըլլար, ապրիլ 24-ին ցեղասպանութիւն բառը կը գործածէր «Մեծ եղեռն»-ին տեղը: Ըրա՞ւ: Ուրեմն հայ չէ…

4 մայիս 2017

Նախորդը

Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար, Ժբ. Հատոր, Խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան, Պէյրութ, «Համազգայինի Վահէ Սէթեան Հրատարակչատուն», 2016, 464 Էջ*

Յաջորդը

«Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութենէ Անհրաժեշտ Է Ընթանալ Դէպի Գործակցութիւն» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.